Թուրքիոյ մէջ ամէնաշատ ծախուած գիրքերու շարքին կը գտնուի Հասան Ճեմալի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքը:
«Զաման» յատկանշական կը նկատէ, այն, որ գիրքի հեղինակին դէմ ցարդ որեւէ դատական հետապնդում չէ իրականացուած:
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» - Յայտնի լրագրող Հասան Ճեմալ վերջերս հրատարակեց «1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրեալ գիրք մը, որ միջոցէ մը ի վեր կը խօսեցնէ իր մասին: Գիրքը յատկանշական է բազմաթիւ տեսանկիւններէ, մանաւանդ այն տեսանկիւնէն, որ Հասան Ճեմալ թոռն է Ճեմալ փաշային, որ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը կը նկատուի:
Գիրքին մասին արձագանգեց նաեւ ֆրանսական «Լը Մոնտ» տարածուն թերթը, որ գրեց, թէ Հասան Ճեմալ Թուրքիոյ մէջ քանդեց հայկական թապուները: Թերթին Պոլսոյ աշխատակիցը Կիյոմ Փերիէն է, որ ստորագրած է թղթակցութիւնը, ուր կը նշուի, որ այս գիրքին հրատարակութիւնը անցեալի հարցերը լոյս աշխարհ բերելու տեսակէտէ շատ կարեւոր քայլ մըն է: Փերիէ «Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հասան Ճեմալի գիրքին միայն անունն իսկ անցեալի մէջ կը բաւէր, որպէսզի հեղինակը բանտարկուէր: Բայց հիմա այս գիրքը թապուները կը քանդէ երկրի մը մէջ, ուր այսօր ալ կը ժխտուի այն վարկածը, թէ աւելի քան մէկ միլիոն հայ մարդ սպաննուեցաւ 1915-ին: Փերիէ կարեւոր յառաջդիմութիւն կը նկատէ այն փաստը, որ Հասան Ճեմալի գիրքը հիմա Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ գրախանութներու ցուցափեղկերուն մէջ կը ցուցադրուի առատօրէն:
Փերիէ նաեւ կը յիշեցնէ, որ Հասան Ճեմալ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշային թոռն է եւ ան հիմա ամենայն հանգստութեամբ կ՛ընդունի ու կը գործածէ «ցեղասպանութիւն» բառը: Ֆրանսացի լրագրողը դիտել կու տայ, որ այսօր բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ ցեղասպանութիւն բառը գործածելու կամ չգործածելու երկընտրանքին դիմաց կանգնած են: Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւնը այս բառը լսել իսկ չ՛ուզեր, ոմանք կը նախընտրեն գործածել բառեր, ինչպէս՝ «ողբերգութիւն», «աղէտ», որոնք նուազ պահանջատիրութեան ճամբայ կը բանան: Բայց Հասան Ճեմալ անոնցմէ չէ: Ան Մորկենթաուի մասին Լոս Անճելըսի մէջ ունեցած հրապարակային ասուլիսի ընթացքին եւս հանգիստ կերպով գործածեց ցեղասպանութիւն բառը: Գիրքին կողքին վրայ ալ արդէն ցեղասպանութիւն բառը գործածուած է, առանց չակերտի: