Թուրքերը հասոյթաբեր յայտնաբերում մը կատարած են վերջին տարիներուն ընթացքին, օգտագործելով այլ ազգերու պատկանող մշակութային կոթողներու զբօսաշրջական կարողականութիւնը:
Հայերու, յոյներու, ասորիներու պատկանող գանձեր, որպէս «թրքական» կը վերագրուին եւ այդպէս կը ներկայացուին հանրութեան...

Անիի մէջ հնագիտական պեղումներն ու վերանորոգութեան աշխատանքները յառաջ տարուեցան ամառնային ամիսներու ընթացքին: Վերջերս նոր ուսումնասիրութիւն մըն ալ հրապարակուեցաւ, ուր կը յայտնուէր թէ Անիի մէջ հազարաւոր տարիներու անցեալէ մնացած հնութիւններ կան, որոնք կը սպասեն որ երեւան հանուին...
Ինչպէս յայտնի է Թուրքիոյ իշխանութիւնները յարձակողական քաղաքականութիւն սկսած են վարել զբօսաշրջական գետնէն ներս օգտագործելով այլ ազգերու պատկանող մշակութային կոթողներու կարողականութիւնը:
Նոր յայտնաբերում մըն ալ կատարած են վերջերս, տարբեր երկիրներու թանգարաններու մէջ գտնուող գանձերը պահանջելով: Այս գանձերը որեւէ ձեւով իրենց չեն պատկանիր, բայց Թուրքիոյ մէջ գտածոներու շարքերու մաս կը կազմեն:
Վերջերս, Թուրքիոյ թանգարաններու ղեկավար խորհուրդի կողմէ Մուրատ Շուշլու՝ պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթան թանգարանին, պահանջելով 18 արձաններու եւ Նորպերթ Սիմել հաւաքածոյի ոսկեայ իրերու վերադարձը «իրենց իրաւատիրոջ՝ Թուրքիային»... Ան սպառնալիքով վերջացուցած է իր նամակը, ազդարարելով թէ՝ եթէ Թուրքիոյ պահանջքը չկատարուի, թանգարանի ծրագրած «Բիւզանդիոն եւ Իսլամ» ցուցահանդէսին համար իրեր պիտի չտրամադրեն: Շուշլու, որ արհեստով հնաբան է, կ'ըսէ թէ «գիտենք թէ Մեթրոփոլիթան թանգարանի իրերու 100%ը Անատոլիայէն յառաջ եկած է: Մենք ետ կը պահանջենք, ինչ որ իրաւացիօրէն մեզի կը պատկանի»... կ'ըսէ ան: