Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սուրիոյ հարցով լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:


Ըստ տեղեկութեան, զրոյցը աւարտած է, երբ կողմերէն մէկը փակած է խօսափողը:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցին, Փութին ըսած է, որ եթէ մինչեւ իսկ մէկ թուրք զինուոր Սուրիա մտնէ, իրենք պիտի նկատեն, թէ ան Մոսկուա մտած է: