Ֆրանսայի Արդարադատութեան նախկին նախարարուհի, Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխանուհի Ռաշիտա Տաթի վերջերս Ատրպէյճան գացած է: Այնպէս կը թուի, թէ շատ սիրալիր մթնոլորտի մէջ անցած է Պաքու իր կեցութիւնը:

Կը բաւէ կարդալ հետեւեալ տողերը՝ համոզուելու համար, թէ տիկին Տաթի ամէն ջանք թափած է ատրպէյճանցի իր բարեկամներուն սիրտը զո- վացնելու համար:
Պաքուի մէջ  մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ ան յայտարարած է, թէ Սաֆարովի հարցին կապակցութեամբ՝ Եւրոպական Խորհրդարանին ընդունած որոշումը իրաւագիտական ոչ մէկ արժէք ունի։ «Պէտք չէ չափազանցել այդ նիւթը: Եւրոպական Խորհուրդը երբեմն քննադատական որոշումներ կÿընդունի իր իսկ անդամներուն դէմ, ներառեալ՝ Ֆրանսային: Բայց ատոնք բան կը փոխե՞ն: Անշուշտ՝ ո՛չ» ըսած է Ռ. Տաթի: