«ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շըրջանին մէջ պայթեցուած է Իրանէն Թուրքիա քարիւղ փոխադրող խողովակաշարը:
Ըստ լրատու գործակալութեան, պայթումը ՔԱԿ-ի (PKK) գործողութեան արարքն է, եւ ներկայիս խողովակաշարին վրայ վերանորոգման աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան:
Աղբիւրը կը նշէ, որ ՔԱԿ-ի անդամները թրքական տարբեր շրջաններու մէջ կը շարունակեն արձակումներ գործել: Վերջիններս ոչ միայն զինուորական թիրախներու դէմ կը յարձակին, այլ նաեւ բեռնատար ինքնաշարժներու վրայ, եւ կը պայթեցնեն կազատար խողովակաշա- րեր ու տնտեսական այլ թիրախներ: