Սեպտեմբեր 27ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած են Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ անցեալ տարուան ամավարկի քննարկումները։
ՀԱԿ դաշինքէն Նիկոլ Փաշինեան հարցում ուղղած է արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեանին՝ թէ Հունգարիոյ ՀՀ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի ԱԳ փոխ նախարար նշանակումէն ետք, Հայաստան մօտ մէկ տարի դեսպան չէ՞ ունեցած այդ երկրին մէջ։ Շ. Քոչարեան պատասխանած է, որ ըստ դիւանագիտական կարգի՝ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան ստանձնած է նաեւ Հունգարիոյ մօտ ՀՀ դեսպանի պարտականութիւնները. այն պահուն, երբ ան պէտք է հաւատարմագրերը յանձնէր Հունգարիոյ կառավարութեան, տեղի ունեցած է Սաֆարովի արտայանձնումը Ատրպէյճանին։ Ազգային Ժողովի նիստէն յետոյ՝ Ն. Փաշինեան լրագրողներուն դիմած է յատուկ յայտարարութեամբ. «Քանի որ պարոն Քոչարեանը ընթացքում հաւասարակշռութիւնը կորցնելու եզրին էր, ես, այսուամենայնիւ, չցանկացայ, բայց եկէք անենք եզրակացութիւն: Ես ճշտեցի, որ 2011 թուականից մինչեւ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումը՝ ՀՀ-ն Հունգարիայում դեսպան չի ունեցել: Շատ կարեւոր է այս փաստի արձանագրումը»։
ՍԱՖԱՐՈՎԻ ՀԱՐՑԸ ՎՏԱՆԳԱ՞Ծ Է
ՄԱՄԷՏԻԱՐՈՎԻ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՒՄԸ
Ռուսական fraza.ru կայքին համաձայն՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտիարով յայտնուած է պաշտօնանկ ըլլալու վտանգին առջեւ՝ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին պատճառով։ Մամէտիարով արժանացած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր շրջապատի խիստ զայրոյթին, որովհետեւ ինք կտրականապէս դէմ արտայայտուած էր՝ մարդասպան սպան Հունգարիայէն տեղափոխելու եւ Ատրպէյճանի մէջ զինքը հերոսացնելու գործողութեանց։ Արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուցած էր Ի. Ալիեւը, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործին ազատ արձակումը անշտկելի վնաս կրնայ հասցնել Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման բանակցութեանց։ Ատրպէյճանի մէջ արդէն իսկ լուրեր կը շրջին, թէ Մամէտիարով կրնայ փոխարինուիլ իր առաջին տեղակալ Հաֆիզ Փաշաեւով։