Զուիցերական «Լը Մաթէն» թերթը անդրադարձած է զուիցերիացի աստղանաւորդ Գլօտ Նիքոլիէի Ատրպէյճանի կողմէ անբաղձալի հռչակուելու հարցին:
Թերթը կը գրէ, թէ առաջին ակնարկով կարելի է լուրը զուարճալի գտնել, բայց ան կրնայ գլխացաւ դառնալ Զուիցերիոյ համար, եւ կը մանրամասնէ պատահածը:«Գլօտ Նիքոլիէ զայրացուց երկիր մը: Ինչպէս կը հաղորդէինք մեր երէկուան թիւով, աստղանաւորդը անբաղձալի հռչակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, որ իրեն կարգիլէ ոտք կոխել իր երկիրը: Զուիցերիա Ատրպէյճանի շանթերը իր վրայ քաշեց, քանի Նիքոլիէ Կիրակի օր Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ գնաց (Սեպտեմբեր 20ին): …«Առանց արտօնութեան՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու ամէն այցելութիւն արգիլուած է: Նման ապօրինի այցելութիւն կատարողները պիտի ընդգրկուին սեւ ցանկին մէջ», կ'ըսէ Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան բանբերը՝ Էլման Ապտուլայեւ», կը գրէ թերթը:
Նշենք որ Նիքոլիէի «ճակատագրին արժանացած է» նաեւ ամերիկացի աստղանաւորդ, Լուսնի վրայ քալած 12 մարդոցմէ մէկը՝ Չառլզ Տիւք, որ նոյնպէս Ստեփանակերտ գացած էր:
Նիքոլիէ, իմանալով այս ամբողջը, չէ կրցած ծածկել իր զարմանքը...