Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը «Քոպրա» տիպի 35 զրահապատ փոխադրակառքեր գնած են Թուրքիայէն. անոնք մինչեւ տարեվերջ Ատըրպէյճան պիտի հասնին:
Մինչեւ 13 զինուորականներ փոխադրելու կարողութիւն ունեցող այս ինքնաշարժները կը կշռեն 6 թոն եւ կրնան ժամական մինչեւ 110 քլմ. արագութեամբ ճամբորդել:
Նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ միայն Ատրպէյճանը, Վրաստանը եւ Ղազախստանը «Քոպրա» տիպի զրա- հապատ փոխադրակառքեր ունին: