«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Fraza.ru կայքէջը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի պատճառով պաշտօնանկ ըլլալու վտանգին առջեւ կանգնած է:

Ըստ կայքէջին, Մամետեարով Սաֆարովի պատճառով արժանացած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր շրջապատի խիստ զայրոյթին, այն բանին համար, որ կտրուկ կերպով դէմ  արտայայտուած էր մարդասպան սպային Հունգարիայէն Ատրպէյճան արտայանձնելու եւ այդ երկրին մէջ զայն «հերոսացնելու» գործողութիւններուն:
Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան պետը իր երկրին իշխանութիւնները զգուշացուցած էր, որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործի արտայանձնումը եւ ազատ արձակումը անդառնալի հարուած պիտի հասցնէ Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն: «Ատրպէյճանի մէջ արդէն լուրեր կը շրջանառուին, որ կ՛ուզեն Մամետեարովը փոխարինել անոր առաջին տեղակալ Հաֆիզ Փաշայեւով», կը գրէ ուքրանական կայքէջը: