ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».-«Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, անցեալ շաբաթ, յայտարարուեցան Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկի այս տարուան երկու մրցանակակիրներուն անունները։


Առաջին մրցանակաւորն է քիւրտ յայտնի մտաւորական Իսմայիլ Պեշիքճի, որ քրտական հարցին մասին իր կատարած բազմաթիւ ակադեմական աշխատանքներուն պատճառաւ կորսնցուց դասախօսի իր պաշտօնը ու կեանքին 17 տարիները անցուց բանտին մէջ։ Ան այս մրցանակին արժանի նկատուեցաւ, որովհետեւ չէ դադրած պայքարելէ այն սկզբունքներուն համար, զորս ինք ճիշդ կը նկատէ։
Երկրորդ մրցանակաւորն էր ռուսական հասարակական կազմակերպութիւն մը՝ «Միջազգային Մեմորիալ ընկերակցութիւն»ը, որ մարդկային իրաւունքներու ի նպաստ պայքար կը տանի։
Մրցանակաբաշխումէն առաջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ծրագիր: «Լուսաւորիչ» երգչախումբի կատարումով երգուեցաւ Մաժակ Թօշիկեանի կողմէ Հրանդ Տինքի համար յօրինուած «օրաթորիօ»ն։
Իսմայիլ Պեշիքճի իր մրցանակը ստացաւ Ռաքել Տինքի ձեռամբ։ Պեշիքճի յուզուած էր եւ հանդէս եկաւ տպաւորիչ ուղերձով մը։ Ան ըսաւ, որ ամէն մրցանակ նոր պատասխանատուութիւն կը բեռցնէ զայն ստացողի ուսերուն, ուստի ինք ալ պիտի ջանայ արժանի ըլլալ այս մրցանակին։ Ան աւելցուց, որ հայերը, քիւրտերն ու յոյները բնաջնջուեցան 20րդ դարու սկիզբը։ «Իթթիհատականները թրքութեան հիման վրայ պետութիւն մը հիմնել կ՛ուզէին եւ այդ պատճառով, յոյներուն ստիպեցին գաղթելու, հայերը բնաջնջեցին, իսկ քիւրտերը ձուլել ջանացին» ըսաւ ան։