Հոկտեմբերի առաջին տասնօրեակին ընթացքին, աշխատանքային այցելութեամբ Աթէնք պիտի ժամանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու:

Լուրը հաղորդեց Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս, հելլէն խորհրդարանէն ներս  արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերու քննարկման ժամանակ:
Տաւութօղլուի այցելութեան պիտի յաջորդէ Յունաստան-Թուրքիա բարձրագոյն խորհուրդներու խորհրդաժողով, Անգարայի մէջ, ուր մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ երկու երկիրներու վարչապետները: