«Հերըլտ Թրիպիուն» օրաթերթը իր Շաբաթ, 21 Յուլիսի թիւի «Տեսակէտներ» բաժինին մէջ լոյս ընծայեց «Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կեղծաւորութիւնը» յօդուածը:
Աքչամ իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ իսլամներու իրաւունքի համաշխարհային պաշտպանի կերպարը վնասուած է քրիստոնեաներու դէմ մաքրագործման եւ ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ արաբներու եւ քիւրտերու դէմ ահաբեկումի աւանդին պատճառով:
Ան կը նշէ, որ Թուրքիա ուրիշներուն մարդկային իրաւանց մասին դասեր տալէ առաջ պէտք է իր անցեալի ոճիրներուն յանցանքը քաւէ: