«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով երկրին նախագահը հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու ութ համայնքներու ղեկավարներուն հետ:


Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած են Պոլսոյ Ս. Ամենա- փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու, Հայ կաթողիկէ հիմնադրամի ղեկավար Պեռնար Սարըպայ, ասորական, յունական, հրէական եւ պուլկարական համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ մինչ ասորիները ծրագրած էին իրենց հիմնախնդիրները քննարկել անմիջապէս հանդիպումին ժամանակ, ապա հայկական եւ յունական համայնքներու ներկայացուցիչները, բացառութեան հայ կաթողիկէ հիմնադրամի ղեկավարին, յայտարարած են, որ մտադիր են շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Կիւլին անցեալ տարի ուժի մէջ մտած՝ հիմնադրամներու գոյքի վերադարձման մասին օրէնքին համար: Պուլկարական եւ հրէական հա- մայնքներու ներկայացուցիչները ձեռնպահ մնացած են յայտարարութիւն կատարելէ:
Ի դէպ, հանդիպումին մասնակցելու խնդրանք ներկայացուցած է Հայ բողոքական եկեղեցին, սակայն մերժում ստացած է: Իսկ քաղդէական կաթողիկէները թէեւ հրաւէր ստացած են, սակայն հրաժարած են հանդիպումին մասնակցելէ:
Հանդիպումէն ետք փոքրամասնութիւններու պատուիրակութեան ղեկավար, ազգութեամբ յոյն Լաքի Վինկաս լրագրողներուն յայտնած է, որ իրենք շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահին՝ «Հիմնադրամներու մասին օրէնք»-ը հաստատելուն համար:
«Կարեւորը անշուշտ գոյքն ու սեփականութիւնը չէ: Սակայն այդ օրէնքը չափազանց կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ մեզի վերադարձուեցան անցեալին մեր ունեցած իրաւունքները», ըսած է ան:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ, սակայն «Մարմարա» հանդիպումին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս շուրջ երկու ամիս առաջ դիմում ներկայացնելով ապահոված էր ժամադրութիւնը այս հանդիպումին, որուն ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ փոքրամասնութիւններու պատկանող լրատուամիջոցները, սակայն վերջին պահուն անոնց ներկայութիւնը անյարմար նկատուած է: Բացառութիւն էր պոլսահայ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանը, որ Վինկասի ապահոված մասնաւոր արտօնութեամբ լուսանկարած էր հանդիպումը:
«Մարմարա» կը նշէ, որ հանդիպումին Կիւլի կողքին ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ:
«Մարմարա» կը գրէ. «Ամէնէն առաջ խօսեցաւ Լաքի Վինկաս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ այս ընդունելութեան համար, թէ՛ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար:
«Երկրորդ խօսք առնողն էր Պետրոս Շիրինօղլու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հանդիպման համար, ապա ըսաւ, որ հայ համայնքը ուշի ուշով կը հետեւի մեր հաստատութիւններուն եւ անոնց կալուածներուն նկատմամբ գործադրուած նոր քաղաքականութեան ու ատոր համար ալ շնորհակալ է պետութեան: Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ հայ համայնքն ալ իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որպէսզի իրականանան բոլոր այն բարձր նպատակները, որոնք մեծայարգ վարչապետին կողմէ օրակարգի բերուած են 2023 թուականին, այսինքն՝ հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակին համար: «Այս մասին բնաւ կասկած չունենաք, որ հայ համայնքն ալ իր միասնութիւնը պիտի ունենայ», ըսաւ Շիրինօղլու: Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ եթէ կան տակաւին հարցեր, անոնք արդէն բանակցական հոլովոյթի մէջ են գործադիր մարմիններու եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ:
«Շիրինօղլու իր ելոյթէն ետ նախագահ Կիւլին նուիրեց քանի մը գիրքեր, որոնք էին՝ «Օսմանեան շրջանին հայ ճարտարապետներու գործերը», «Օսմանեան շրջանին առողջապահութեան մարզին մէջ հայերուն նպաստը» եւ հիւանդանոցին պատմականը:
«Այնուհետեւ կարգով խօսք առին միւս ներկայացուցիչներն ալ: Ուշագրաւ էր այն ուղերձը, զոր խօսեցաւ Մոր Կապրիել վանքի պատասխանատու Քիրիաքոս Էրկիւն: Ան անդրադարձաւ այս վանքի հողամասերուն մասին չորս տարիէ ի վեր շարունակուող  դատավարութեան: Այս հարցին մասին դժբախտաբար վճռաբեկ ատեանին կողմէ ժխտական վճիռներ արձակուեցան, ինչ որ ցաւալի է, ըսաւ ան: Քիրիաքոս Էրկիւն այս մասին բովանդակալից թղթածրար մը յանձնեց նախագահ Կիւլի ուշադրութեան եւ խնդրեց, որ նախագահն ալ հետաքրքրուի այս հարցով ու ապահովէ, որ դատավարութիւնը շուտով վերջանայ ի նպաստ ասորիներուն:
«Օրակարգի նիւթէն դուրս, ուշագրաւ հարցի մը ակնարկեց նաեւ յոյն համայնքի ներկայացուցիչ Անտոն Փարիսիոնիս, որ հպեցաւ խնդիրի մը, որ մեզ ալ կը շահագրգռէ: Ան, իբրեւ յունական դպրոցի մէջ ուսուցիչ, ըսաւ, որ մեր քաղաքին մէջ հիւրաբար գտնուող աշակերտները այժմ դպրոցներու մէջ ընդունուելով հանդերձ վկայական առնելու իրաւունք չունին: Այս պատճառով ալ անոնք ո՛չ Թուրքիոյ մէջ, ո՛չ ալ արտասահմանի որեւէ երկրի մէջ համալսարանի մը կողմէ չեն կրնար ընդունուիլ: Ան ալ նախագահէն խնդրեց, որ լուծում մը գտնուի վկայականի այս խնդիրին, թէեւ ինք ալ գիտէ, որ այս լուծումը դիւրին չէ: Նախագահն ալ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ եւ հաստատեց, որ իրաւ ալ այս մէկը դժուար լուծելի հարց է, բայց պիտի հետաքրքրուի:
«Հոս նշենք, որ որքան ալ այս հարցը օրակարգի բերուած ըլլայ յոյներու ներկայացուցիչին կողմէ, յայտնի է, որ յոյները հազիւ թէ քանի մը աշակերտ ունին նոյն կարգավիճակի մէջ, մինչդեռ հայ համայնքը աւելի մեծ թիւով դպրոցական շրջանի մանուկներ ունի իբրեւ հիւր:
«Կարգով ելոյթներ ունեցան միւս համայնքներուն ներկայացուցիչները, որոնք ընդհանրապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէին ցարդ կատարուած բարելաւումներուն համար, բայց անոնք ալ դիտել կու տային, որ տակաւին քանի մը խնդիրներ եւ դժուարութիւններ կը շարունակուէին:
«Ամէնէն վերջը խօսք առաւ նախագահ Կիւլ, որ յայտնեց, թէ բոլորս ալ այս երկրին հայրենակիցներն ենք: Թուրքիոյ մէջ ամէն կալուածի մէջ մարդիկ Թուրքիոյ հարազատ քաղաքացիներն են, որեւէ խտրականութիւն չկայ: «Երբ մենք զօրաւոր ենք, այն ատեն աւելի հանգիստ կը շարժինք եւ աւելի լաւ կեանք կը ստեղծենք: 2008 թուականին, երբ բարելաւումներ ըրինք վաքըֆներու օրէնքին մէջ, հոն ուշադիր եղանք, որ Թուրքիոյ մեր փոքրամասնական հայրենակիցները համահաւասար իրաւունքներ վայելեն: Ասկէ ետք ալ, ձեռք ձեռքի տալով պիտի դառնանք աւելի ուժեղ ամէն գետնի վրայ», դիտել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:
«Փոքրամասնութիւններու անունով նախագահ Կիւլին նուիրուեցաւ արժէքաւոր ջրաման մը:
«Ժողովի աւարտին վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմ մօտաւորապէս քառորդ ժամ գլուխ գլխի տեսակցութիւն մը ունեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Շիրինօղլու հոս անգամ մը եւս իր մտածումները պարզեց կալուածական մնացեալ հարցերուն եւ դժուարութիւններուն մասին: Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնը խոստացաւ աւելի մօտէն հետաքրքրուիլ: Ան յայտնեց լաւատեսութիւն եւ պաշտպանեց այն կարծիքը, թէ բոլոր այս հարցերը պիտի լուծուին»: