Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին  անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան՝  դժգոհութիւն յայտնած է.

«Ի յայտ եկաւ, որ Մինսքի խմբակի 20-ամեայ միջնորդական առաքելութիւնը ապարդիւն է: Ատրպէյճանական հողերը տակաւին բռնագրաւուած կը մնան, եւ շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներ եւ բռնի տեղահանուածներ տակաւին չեն  կրնար վերադառնալ հարազատ բնօրրան»:
Էլմար Մամետեարով քննադատած է նաեւ սթաթիւս քոյի իրավիճակը: Ան յատկապէս դիտել տուած է, որ այս իրավիճակի պահպանումը կրնայ շրջանին մէջ յանգեցնել «անո րոշութեան շարունակութեան եւ վտանգներու»: