Ատրպէյճանական «Սալամ Նիուզ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ նախորդ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն աւելի կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: «Նոյն Հոլանտի կուսակցութիւնը առաջարկած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին՝ օրակարգ մտցնել այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը Յունուար 24ին կողմ քուէարկած էր օրինագիծի ընդունման:
««Հոլանտ խոստացած է, որ կ՛ընդունի այս օրինագիծը, եւ այժմ ան կը փորձէ իրականացնել զայն: Եւ այս տեսանկիւնէն՝ ան առաւել վտանգաւոր է իր նախորդէն՝ Սարքոզիէն», շեշտած է Չաւուշօղլու: Ըստ անոր՝ այժմ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ որոշում ընդունիլը սխալ պիտի ըլլայ, քանի որ անիկա պիտի հակասէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին:
«Ֆրանսա պէտք է դադրեցնէ այս բոլորը ու պահպանէ Թուրքիոյ հետ կապերը», ըսած է Չաւուշօղլու՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս նոր էջ կը բացուի, եւ անհրաժեշտ է պահպանել զայն: