Իրանական եւ ազերիական լրատուամիջոցները երկու օր առաջ արձագանգ հանդիսացան Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան փակման մասին լուրերու:
Այսուհանդերձ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Էլման Ապտուլաեւ մերժեց այսպիսի հարցի մը գոյութիւնը, դիտել տալով, թէ Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կողմէ նման որեւէ դիմում կատարուած չէ: