Եւրոպական Միութեան տեղեկատուական կայքէջին՝ «EurActiv»ին մէջ, «Եւրոպայի վտանգաւոր հանդուրժողականութիւնը Կովկասի մէջ տիրող լարուածութեան հանդէպ» խորագիրով անդրադարձ ներկայացուցած է Եւրոխորհըրդարանի բրիտանացի պատգամաւոր Չարլզ Թենոք: Ան նկատել տուած
է, որ հայ-ատրպէյճանական վերջին զարգացումները «արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղող մասնագէտներու շրջանակներէն դուրս եղողներուն համար գրեթէ աննկատ կը մնան»:
«Վերջին 2 ամիսներուն ընթացքին տասնեակ մը ծանր միջադէպեր տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ… այս անգամ 10է աւելի զինուոր սպաննուած է, եւ արտաքին քաղաքականութեան այն մասնագէտները, որոնք տակաւին կը պնդեն, որ «սառեցուած հակամարտութիւններ»ը ննջող հարցեր են, եւ որ կարելի է անվտանգ նկատելով՝ արհամարհել զանոնք, պէտք է լաւապէս գիտնան, թէ այս զարգացումներուն կէսը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին տեղի չէ ունեցած, այլ 2 պետութիւններու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ: Երկուքն ալ Եւրոպական մերձեցման քաղաքականութեան եւ ԵՄի Արեւելեան գործընկերութեան մաս կը կազմեն»:
Ըստ Թենոքի, «այս վերջին լարուածութենէն կու գայ այն նոյն հոտը, ինչ որ կու գար 2008ին՝ վրացական-ռուսական պատերազմէն առաջ արձանագրուած լարուածութենէն. տարիներ շարունակուող աւելի փոքր բազմաթիւ դէպքերէ ետք միջազգային հանրութիւնը կը վարժուի որոշակի անկայունութեան», կը գրէ պատգամաւորը:
Յօդուածագիրը նաեւ կանխատեսումներ ընելով՝ կը գրէ. «Հակառակ Եւրոպայի կողմէ «երկու կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերուն», յանկարծ կրնան պատերազմական իսկական գործողութիւններ ծաւալիլ»:
Յօդուածագիրին համաձայն, պատերազմը միայն Ատրպէյճանին համար անհրաժեշտ է. «Յանկարծակի պատերազմի յանգեցնող վտանգով զօրքերու կողմէ առնուած քայլ միայն Ատրպէյճանի կողմէ կրնայ ըլլալ: Միայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ իր կառավարութիւնը բացէ ի բաց եւ շարունակաբար պատերազմ կը սպառնան իրենց դրացիին, մինչդեռ Հայաստանը չունի եւ տրամաբանօրէն նման շահ չ՛ունենար»:
Յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանին պատերազմը ձեռնտու չ՛ըլլար նաեւ այն առումով, որ այդ երկիրը կը վտանգէ իր քարիւղատարները եւ քարիւղաարդիւնահանման ոլորտը, իսկ «հայկական հրթիռները դիւրութեամբ կրնան հասնիլ Պաքուի մերձակայքը՝ Կասպից ծովու ափերուն գտնուող քարիւղամշակման գործարաններ»:
Հեղինակին համաձայն, կարելի չէ յստակ կանխատեսումներ ընել ու ըսել, թէ ինչ հետեւանք կրնայ ունենալ հաւանական նոր պատերազմը. ակնյայտ է, սակայն, որ այդ պատերազմը միայն Արցախին չի վերաբերիր: