Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատըրպէյճանի իշխանութիւններուն համաձայնութեամբ, հակաիրանեան գործունէութիւն ծաւալող «Մոնաֆեկին» ահաբեկչական խմբակի շուրջ երկու հազար անդամներ պիտի ուղարկուին Ատըրպէյճան: Ըստ լրատու գործակալութեան, այս տարուան Մայիսին խըմբակի ներկայացուցիչ Զահետին Ատրպէյճանի բարձրաստիճան
պաշտօնատարներուն հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, խմբակի Իրաքէն դուրս բերուող անդամները պիտի տեղակայուին ատըրպէյճանական Դաշքեսան եւ Մինկեչաուր քաղաքներուն մէջ:
Նշուած է թէ ահաբեկչական խմբակի անդամները Ատրպէյճանի մէջ հետախուզական եւ ահաբեկչական գործողութիւններու համար զինուորական պատրաստութեան դասընթացքներու պիտի հետեւին, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային հատեն Իրանի սահմանը: