ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ակօս».- Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթ, 600 լիրա տուգանքի ենթարկուեցաւ, Հրանդ Տինքի եղբօր՝ Օրհան Տինքի, հասցէին իր ըրած մէկ սպառնալիքին պատճառով։ Արդարեւ, դատական նիստի ընթացքին Սամասթ, Օրհան Տինքի նայելով՝ սպառնացած էր անոր եւ ըսած. «Հինգ տարի ետք կը տեսնուինք»։
Դատարանը ընդունեց, որ ասիկա բացայայտ սպառնալիք մըն էր եւ Սամասթը դատապարտեց 600 լիրա տուգանքի, որ պիտի վճարուի մասնավճարներով։ Եթէ ոճրագործը չկարենայ տուգանքը վճարել, ապա անոր բանտարկութիւնը պիտի երկարաձգուի:
Սամասթ Հրանդ Տինքը սպաննելուն համար միայն 22.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, որովհետեւ ան իբրեւ անչափահաս դատուած էր: Սպանութիւնը հրահրած Եասին Հայալ, աւելի ուշ դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, իսկ 20է աւելի այլ ամբաստանեալներ ազատ արձակուեցան: