Սահմանամերձ Հաթայ եւ Մարտին նահանգներուն մօտ թռիչք կատարեցին թրքական ռազմական F-16 սաւառնակներ, հազիւ նկատուեցան սուրիական ուղղաթիռներու թռիչքները, նոյն օդամարզէն ներս։
Մթնոլորտը կը շարունակէ սրած մնալ, թրքական Phantom սաւառնակի դէմ սուրիական յարձակումէն ետք։

Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց թէ սուրիական ռազմական ուժերու որեւէ տեղադրում սահմանագիծին վրայ՝ որպէս սպառնալիք պիտի նկատուի Անգարայի կողմէ:
Ասատի վարչակարգը իր կարգին, դիտել կուտայ թէ թրքական ռազմական սաւառնակին դէմ յարձակումը Սուրիոյ օդային մարզէն ներս էր: Դամասկոս կը պնդէ թէ յարձակումէն զատ այլ տեսակի որեւէ լուծում կարելի չէր իրագործել, նկատի առնելով թէ սաւառնակը շատ ցած թռիչք կը կատարէր, ափամերձ գիծին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ Երեքշաբթի օր, Պրիւքսելի մէջ գումարուած ժողովին ընթացքին, Թուրքիա դիմեց ՆԱԹՕի օգնութեան, վկայակոչելով ռազմային դաշնութեան 4րդ յօդուածը, որ ՆԱԹՕի արտակարգ խորհրդածութիւններ կը նախատեսէ, այն պարագային որ վտանգուած է անդամ-երկրի մը ապահովութիւնը կամ հողային ամբողջականութիւնը:
Նշենք, որ ՆԱԹՕի 63-ամեայ պատմութեան ընթացքին, այս երկրորդ անգամն է, որ երկիր մը թիւ 4ի գործադրութեան դիմում կը ներկայացնէ: Անգարա հարկը չէ զգացած դիմելու ՆԱԹՕի թիւ 5 յօդուածի գործադրութեան, որը շատ աւելի զօրաւոր ուժ ունի եւ ՆԱԹՕի դէմ գրոհ կը նկատէ որեւէ անդամի դէմ գործուած յարձակումը:
Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ CIAը Ասատը տապալելու նպատակով սուրիական վարչակազմէն բարձրաստիճան եւ միջին աստիճանի անդամներու հետ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ:
Միջազգային մամուլը իր կարգին կը գրէ, որ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ Ասատ իշխանութեան վրայ մնայ աւելի քան երկու տարի եւս: Ըստ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին, արեւմտեան կառավարութիւնները կը փորձեն Ասատը իշխանութեան վրայ պահել յաւելեալ երկու տարի՝ փորձելով ներկայիս Սուրիայէն անցնող եւ Եւրոպան մատակարարող քարիւղի խողովակաշարերուն այլընտրանքներ գտնել:
Թրքական Վաթան թերթը կը յայտնէ որ Թուրքիա ՆԱԹՕէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծել՝ Ասատի իշխանութենէն փախուստ տուած մարդիկը այնտեղ ապահով պահելու համար: Այդ ծրագիրին մասին տեղեկութիւնը հաստատած է նաեւ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը: Կը նշուի, որ թրքական բանակի սպայակոյտը կը նախատեսէ ապահովական գօտի ստեղծել Սուրիոյ Քամիշլիի շրջանի եւ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հարիւր հազարաւոր կոտորուած հայերու բաց գերեզմանոց հանդիսացող Տէր Զօրի մէջ:

Աճած է Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալու Դիմում Ներկայացնող Սուրիահայերուն Թիւը

Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագիրներու եւ վիզաներու վարչութեան պետ Յովհաննէս Քոչարեան յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական ճգնաժամի եւ բախումներու պատճառով Հայաստանին դիմող սուրիահայերուն թիւին մէջ մեծ աճ արձանագրուած է։  Անոր համաձայն, սուրիահայերը կը դիմեն քաղաքացիութիւն, կացութեան մնայուն, ժամանակաւոր եւ յատուկ կարգավիճակ ստանալու համար: «Քաղաքացիութիւն ստանալու համար 2010ին Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրերի եւ վիզաների վարչութիւն են դիմել 9 հազար 87 քաղաքացիներ, որից 422ն են եղել Սիրիայից: 2011ին նախորդ տարուայ համեմատ՝ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմողների աճ է գրանցուել՝ 14 հազար 277 քաղաքացի, որոնցից 2 հազար 983ն են Սիրիայից: 2012ի Յունուար-Մայիսին Սիրիայից քաղաքացիութիւն ստանալու դիմողների թիւը 2 հազար 669 է», նշած է Քոչարեան:
Շուրջ 16 ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներուն պատճառով Սուրիոյ մէջ զոհուած է աւելի քան տասը հազար մարդ: Հայ գաղութը եւս կորուստներ տուած է, արդարեւ զոհուած են 6 հայեր, որոնցմէ չորսը՝ Սուրիոյ բանակի զինուորներ:


Հրանոյշ Յակոբեան. «Եթէ Սիրիահայերը Ցանկանան Բնակուել
Հայաստանում, Պատկան Կառոյցները Կ՛օժանդակեն»

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դիտել տուած է, թէ  Սփիւռքի նախարարութիւնը  կապի մէջ է Սուրիոյ մէջ գործող հայ դիւանագէտներուն, համայնքային եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի գծով ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէ նախարարութիւնը՝ Հ. Յակոբեան ըսած է, որ Հայաստանի պետական կառոյցները իրենց ամէնօրեայ գործունէութեան ընթացքին մնայուն կերպով լուսարձակի տակ կը պահեն այս հարցը։
«Հասկանալի է, որ մեր աշխատանքների մի մասը նաեւ հրապարակային բնոյթ չի կրում, իսկ թերթերում կոչերով դիմողներին, մանաւանդ այս հարցը քաղաքան նպատակներով շահարկողներին ասենք, որ մենք այդ հարցերին վաղուց անդրադարձել ենք: Պէտք է հաշուի առնել, որ ստեղծուած ծանր իրավիճակում մարդիկ կանգնել են երկընտրանքի առաջ: Նրանք ծնուել եւ տասնեակ տարիների ապրել են այդ երկրում, ունեն տուն, ունեցուածք, բարեկամներ եւ պիզնես, եւ այսօր ծանր ու թեթեւ են անում՝ ամէն ինչ նորից սկսելու համար:
«Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանի դեսպանութիւնը Դամասկոսում եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Հալէպում շարունակում են իրականացնել իրենց առաքելութիւնը, ամէն օր զբաղւում են սիրիահայերի խնդիրներով եւ ձեռնարկում են բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ նրանց օգնութիւն տրամադրելու համար:
«Այսօր ոչ մեծ թիւով սիրիահայեր են, որ եկել են Հայաստան եւ փորձում են հաստատուել հայրենիքում, եւ մենք, միւս գերատեսչութիւնների հետ սերտ համագործակցուած, օգնում ենք նրանց ինտեգրուելու հայաստանեան իրականութեանը», դիտել տուած է նախարարը։
Ան փոխանցած է. «Հանդիպել ենք նաեւ ՄԱԿի Փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ պարոն Տամիւ Տեսալեյնէի հետ եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել Սիրիայից փախստականների առկայութեան դէպքում ձեռնարկել միջոցներ՝ աջակցելու նրանց՝ համատեղ ծրագրեր իրականացնելու համար»:
«Կառավարութեան  համապատասխան կառոյցները պատրաստ են օժանդակելու նրանց Հայստանում հաստատուելու համար», դիտել տուած է նախարար Յակոբեան։