Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տերսիմի ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող ենթայանձնաժողովը վերջերս լսած է վերապրածներուն պատահած դէպքերը:
Ենթայանձնաժողովին իր պատմութիւնը պատմած է դէպքերէն 78 տարի անց իր ազգային ինքնութեան մասին տեղեկացած Տերսիմէն հայ աքսորեալ Ֆաթմա Եաւուզ, իրական անուն-ազգանունով՝ Ասլըհան Քիրեմիթճեան:
Ան պատմած է, թէ զինուորները ինչպէ՛ս մարդիկը կը շարէին գետին եզերքը եւ կը սպաննէին զանոնք, ապա դիակները գետ կը նետէին:
Այդ ժամանակ ինք եղած է 4 կամ 5 տարեկան: «Զիս մէկը փրկեց՝ վրաս ծածկոց ծածկելով: Աւելի ուշ, սպայ մը որդեգրեց զիս: 13 տարեկանին զիս ամուսնացուցին 35 տարեկան մարդու մը հետ», պատմած է ան:
Հայուհին նաեւ նշած է, թէ զինք որդեգրած ընտանիքը իրեն հանդէպ շատ դաժան եղած է: Խորթ մայրը պարբերաբար ծեծած է զինք եւ կոտրած է մատը: Աւելի ուշ, իր անցեալը բացայայտելու ուղղուած երկարատեւ աշխատանքէ ետք, ան պարզած է, թէ իր հօր անունը Յակոբ, իսկ մօր անունը Հաւաս եղած է:
Տերսիմի դէպքերէն ետք որդեգրուած մէկ այլ կորուսեալ դուստր մըն է Հալազուր Գեւիշ:
«Այլեւս նման դէպքեր թող չկրկնուին, երեխաները որբ թող չմնան, մայրերը թող չարտասուեն», իր ելոյթը այսպէս սկսած է ան:
Ան պատմած է, թէ ինչպէ՛ս խորթ հայրը իր ձեռքէն խլած է մօր ամբողջ ունեցուածքը, իսկ ինք «գերի»ի պէս ստիպուած եղած է ապրելու ճամբարներու մէջ: «Ստիպուած եղած եմ ստրուկի կեանք ապրելու: Ինչպէ՞ս կրնան մարդիկ այդքա՛ն վատ ըլլալ», ըսած է ան:
Տերսիմի ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքի ժառանգորդ Էրտալ Քարաքոչ, իր կարգին պատմած է, որ տարիներէ ի վեր կը փնտռէ քոյրը՝ Սաքինէն, եւ հօրեղբօր աղջիկը՝ Շեմսին:
Նախապէս զիրենք որոնելու աշխատանքներով զբաղած է հայրը, սակայն ան մահացած է՝ առանց աղջիկը գտնելու: «Մենք գիտէինք, որ անոնք կենդանի են: 1941ին թուագրուած փաստաթուղթ մը ունէինք: Սակայն որքա՛ն մօտեցած ենք անոնց, անոնք այդքա՛ն հեռացած են մեզմէ: Կարծեմ, որ այս ամէնը Տերսիմի ալաուիներու վերացման ուղղուած քայլ էր», ըսած է ան:
Ան նշած է, որ եթէ «կորուսեալ զաւակները» տակաւին կ՛ապրին, ուրեմն կը ցանկանայ գտնել զանոնք, իսկ եթէ արդէն մահացած են, ապա կը ցանկանայ գոնէ անոնց գերեզմանին տեղը իմանալ: