Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան արուեստասրահի ու քաղաքային թանգարանին մէջ բացումը կը կատարուի Պալեան նշանաւոր գերդաստանի ճարտարապետական գլուխ գործոցներու լուսանկարներուն։

Պալեան ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան շրջանին 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ճարտարապետական կարեւոր շինութիւնները իրագործած է, գեղեցիկ դիմագծութիւն մը շահեցնելով քաղաքին։
Ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէնի ձեռամբ եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ 2 Յուլիս թուականը։
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչն է Պաքըրգիւղի քաղաքապետութիւնը, որուն աջակցած են նաեւ հայ համայնքն ու Եշիլգիւղի Սանուց Միութիւնը։
Յիշեցնենք որ Պալեան եղբայրներու կողմէ կառուցուած են Սարայպուռնուի, Պէշիկթաշի, Պէյլէրպէյիի, Վալիտէ Սուլթանի, Տէֆթէրտարի պալատները, Նուսրէտիյէի մզկիթը, Սէլիմիյէի, Տավութփաշայի, Պէյօղլուի, զօրանոցները, փողերանոցի շէնքը, Եանկըն ապարանքը, Ս. Աստուածածին հայոց եկեղեցին, Տոլմապահչէի պալատը, Չըրազանի պալատը, Վալիտէ մզկիթը, Զէյթինպուռնուի վառօդի գործարանը, Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարանը, Կոնստանդնուպոլոսոյ Թէքնիք համալսարանի Թաչքըչլա շէնքը, Կալաթասարայ լիսէի շէնքը, Մաչքայի զինապահեստը, Կիւմիւշսիւյուի զօրանոցը, Մալթայի ապարանքը, Պալթալիմանի ծովահայեաց ապարանքը,  Գանտիլլիի Ատիյէ Սուլթան պալատը, Եըլտըզ պալատը, բազմաթիւ այլ պալատներ եւ ապարանքներ, մզկիթներ եւ աշտարակներ։