50 տարին լրացուցած դիւաններու փաստաթուղթերը, փոխանցուած են Թուրքիոյ Ապահովութեան սպասարկութեան
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթին մէջ, Սոնէր Արըքանօղլուի ստորագրութեամբ լոյս տեսած լրատւութեան մը մէջ կ'ըսուի, թէ Թուրքիոյ պատմութեան գաղտնիքները լոյս աշխարհ պիտի գան:

Լրագրողը կը գրէ, թէ Ապահովութեան սպասարկութիւնը՝ Դիւաններու ազգային վարչութեան փոխանցած է բոլոր այն դիւանները, որոնք լրացուցած են 50 տարին: Ասոնց վերադասաւորման, ցանկագրման եւ թուայնացման ընթացքին, ըստ լրագրողին՝ փոշիներուն տակէն բաւական մեծ թիւով խորհուրդներու բացայայտումները պիտի ժայթքին: Աւելի քան 250 միլիոն փաստաթուղթեր պարունակող 500 հազար թղթածրարներէն դուրս պիտի գան Նազըմ Հիքմէթի մասին արձանագրութիւններէն մինչեւ Տէրսիմի դէպքերուն վերաբերողները՝ անցնելով մշուշապատ մնացած, խորհրդաւոր բազմաթիւ այլ պարագաներու առընչուող փաստաթուղթեր:

Աւելի քան 250 միլիոն փաստաթուղթեր
Արըքանօղլու կը գրէ, թէ անոնց մէջ կը գտնուին յատկապէս Տէրսիմի դէպքերուն մասին՝ ոստիկանութեան կողմէ գրի առնուած այն արձանագրութիւնները, որոնք զատ գլուխ մը կը կազմեն՝ «Հայերէնով ծիսակատարութիւն» խորագրով: Այդ արձանագրութիւններէն կը պարզուի, որ ապստամբութենէն առաջ Տէրսիմի մէջ մեծ թիւ կը կազմէին հայերէնով ծէս կատարողները: Անոնցմէ կը պարզուի նաեւ, որ այդ մասին ոստիկանութիւնը հետախուզական մանրազնին ցանկագրութիւններ կատարած է ատենին եւ այդ տուեալներն են որ պահուած են: