Հայազգի ճարտարապետ Պալեանի կերտած Տոլմապահչէի պալատին մէջ, օր մը առաջ իր աշխատանքները գումարեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան անդամ երկիրներու խորհրդաժողովը, որ նուիրուած էր կազմակերպութեան հիմնադրման 20-ամեակին:

Ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարը, արտաքին գործոց փոխ նախարար Աշոտ Յովակիմեանը, որ ընդգծեց թէ անցած 20 տարիներու ընթացքին ՍԾՏՀ-ի ծիրէն ներս համագործակցութեան նուաճումներն ու առաջընթացը, մասնաւորապէս՝ կազմակերպութեան նոր տնտեսական օրակարգի ընդունման փաստը, անդրադարձ ունեցած են միջազգային ասպարէզի վրայ ՍԾՏՀ-ի դերի եւ հեղինակութեան բարձրացման:
ՍԾՏՀ-ի մէջ Հայաստանի առաւել գործօն ներգրաւուածութեան եւ երկրի հեղինակութեան բարձրացման հանգամանքին անդրադարձած է նաեւ Աշոտ Յովակիմեանը:
Գագաթնաժողովը ընդունած է ՍԾՏՀ-ի  յոբելեանական հռչակագիրը եւ կազմակերպութեան նոր տնտեսական օրակարգի վերաբերեալ ռազմավարական փաստաթուղթը:
Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի փոխանցած տեղեկութեանց, երկար զրոյց ծաւալած է նախքան հռչակագրի ընդունումը, ուր Ռուսաստան եւ Վրաստան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճան եւ Հայաստան տարբեր մեկնակէտեր որդեգրած են «տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն» մասին: Վերջաւորութեան, հռչակագրի նախագիծը պատրաստած են նախագահող երկիր Սերպիան եւ յառաջիկայ Յուլիս 1էն նախագահութիւնը ստանձնող՝ Թուրքիան:

Գագաթնաժողովին ընթացքին հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ իր ելոյթին մէջ, -ըստ սովորութեան- Հայաստանին հասցէագրուած մեղադրանքներու շարք մը պարզած է: Հակադարձելով այդ ելոյթին՝ Աշոտ Յովակիմեանը, արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ, ընդգծած  է հետեւեալը.-
«Համաձայն ՍԾՏՀ-ի հիմնարար փաստաթղթերի, այն պէտք է մնայ տնտեսական մանդատի եւ օրակարգի սահմաններում եւ չի կարող դառնալ քաղաքական քննարկումների ու մեղադրանքների ասպարէզ: ՍԾՏՀ-ի գագաթնաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քննարկման տեղը չէ: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնների միակ համաձայնեցուած միջնորդական ձեւաչափը  ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբի համանախագահութիւնն է»: