Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարով Թուրքիա կÿայցելէ, մասնակցելու համար Յունիս 26-27-ին կայացող Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան գագաթնաժողովին:

Մամետեարով նաեւ պիտի մասնակցի կազմակերպութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ նախարարներու նիստին:
Այցելութեան ծիրէն ներս կը նախատեսուին նաեւ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ՝ ներառեալ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Ուշագրաւ է, թրքական կողմը նախապէս նշած էր, որ ՍԾՏՀ գագաթնաժողովին Ատրպէյճան պիտի մասնակցի նախագահի մակարդակով եւ յոյս ունէին Պոլսոյ հաւաքին տեսնել Իլհամ Ալիեւը: