Թուրքիոյ  Մէջ  Հայկական  ու  Յունական  Պատմական Առանձնատուները  Պիտի  Վերանորոգուին

Թուրքիոյ Օրտու քաղաքի Թաշպաշը թաղամասին մէջ սկսած են հայկական եւ յունական 1900-ական թուականներուն կառուցուած առանձնատներու վերանորոգման աշխատանքները:


Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ 45 տան վերակառուցման համար ծախսել 3 միլիոն թրքական լիրա եւ յոյս ունի պատմական թաղամասը վերածել զբօսաշրջային կեդրոնի:
1900-ականներուն հայ եւ յոյն ճարտարապետներու կողմէ կառուցուած 23 պատմական շինութեան շինարարութիւնը արդէն սկսած է, իսկ 22-ի եւս վերակառուցման աշխատանքները պիտի սկսին աւելի ուշ:
Նախարարութիւնը կÿուզէ վերակառուցման ընթացքին այդ կառոյցներուն նախնական տեսքը չխաթարել:

Վաքըֆներու Տնօրէնութիւնը Որոշեց Վերադարձնել Գատըգիւղի Գերեզմանատունը

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Անատոլու» լրատու գործակալութենէն հաղորդուած լուրի մը համաձայն, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Վաքըֆներու խորհուրդը որոշեց չորս կալուածներ եւս վերադարձնել փոքրամասնական հաստատութիւններու: Ասոնցմէ մէկը միայն հայ համայնքին կը պատկանի: Ըստ խորհուրդին կողմէ ընդունուած որոշումին, Վաքըֆներու տնօրէնութիւնը նկատի առաւ Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի ու Արամեան վարժարանի կողմէ կատարուած դիմումը ու որոշեց վերադարձնել նախապէս գրաւուած գերեզմանատունը:
Միւս երեք կալուածները կը պատկանին յոյներուն:
Այս առիթով դիտել տրուեցաւ, որ Վաքըֆներու խորհուրդը կը շարունակէ կարգով քննարկել փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ կատարուած դիմումները, որոնք տակաւին կը շարունակուին: Նոր օրէնքին լոյսին տակ, ցարդ կալուած ետ պահանջելու դիմում կատարած են 35 փոքրամասնական հիմնարկներ, որոնք կը պահանջեն 153 անշարժ կալուածներու վերադարձը: