ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան խորհըրդարանին մէջ խօսելով յայտարարեց, որ եթէ գտնուին բաւարար քանակութեամբ աշակերտներ, ապա քրտերէնը կրնայ դառնալ ընտրովի դասանիւթ Թուրքիոյ վարժարաններուն մէջ՝ աւելցնելով, թէ այդ մէկը «պատմական քայլ մը» պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար:
Էրտողանի այդ յայտարարութեան կապակցութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւորական աթոռներ ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան փոխ նախագահ Կիւլթան Քըշանաքը այս առաջարկը Թուրքիոյ 25 միլիոն քիւրտերուն նկատմամբ ցեղապաշտական վերաբերմունք համարելով՝ հեգնանքով եւ զայրոյթով ըսաւ. «Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեծահոգաբար արտօնութիւն կու տան, որ քիւրտերը իրենց մայրենին ուսումնասիրեն իբրեւ օտար լեզու: Մայրենին իբրեւ օտար լեզու սորվելու արտօնութենէն աւելի մեծ դաժանութիւն չի կրնար ըլլալ» ըսաւ ան, աւելցնելով, թէ քրտերէնը իբրեւ օտար լեզու ուսումնասիրել կրնան վարչապետն ու այլ պաշտօնատարներ, ինչ որ անոնց կողմէ շատ գեղեցիկ ժողովրդավարական քայլ մը պիտի ըլլայ: