Վերատպուեցաւ 1900-1910 թուականներու «ընդարձակ տարեցոյց»երու շքեղ հաւաքածոն

Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը այս օրերուն կը պատրաստուի փառաւոր նորանոր ձեռնարկներով տօնելու իր 180-ամեակը։ 2 Յունիսին Հիւանդանոցին մէջ բացումը կատարուեցաւ նոր ցուցահանդէսի մը որ նուիրուած է Գթութեան Տան 180 տարուան պատմութեան զանազան հանգրուաններուն։

«Օսմանցիներէն մինչեւ այսօր՝ 180 տարուան պատմութիւնը մը» թէմայով այս ցուցահանդէսը առիթ կը դառնայ որպէսզի հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուի Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի 1900-1910 թուականներու միջեւ հրատարակուած «Ընդարձակ Օրացոյց»երու վերատպուած հաւաքածոն։ Այս հաւաքածոն, որ իրականացաւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ձեռներէց անդամներէն Արսէն Եարմանի կամքով ու ցուցմունքներով, հինին վրայէն լուսանկարչական բարձր թէքնիքով կատարուած վերատպութեան վրայ աւելցուցած է մէկը հայերէն, միւսը թրքերէն երկու նոր հատորներ եւս, որոնք պատրաստուած են Պատրիարքարանէն Սիրվարդ Մալխասեանի ու Հելտա Չաթաքի կողմէ եւ որոնք անուններու, պատահարներու, տեղանուններու ու այլ նիւթերու ցանկը կուտան, ճշդելով թէ ո՞ր տարեցոյցի ո՞ր էջին վրայ յիշուած են այդ անունները։ Այս երկու վերջին հատորները, որոնք կþաւելնան 11 հին հա
տորներու վրայ, յայտնապէս արդիւնք են երկարատեւ խղճամիտ աշխատանքի մը, որու համար մասնաւորաբար կþարժէ շնորհաւորել Սիրվարդ Մալխասեանն ու Հելտա Չաթաքը։
Կþերեւի թէ 1900 թուականէն առաջ ալ Հիւանդանոցը ունէր Տարեցոյցի դրութիւն մը, բայց 1900 թուականին որոշուեր է նոր դիմագծութիւն տալ այդ օրացոյցերուն։ Եւ այդ ծրագիրը իրականացնելու ծանր պարտականութիւնը յանձնուեր է այդ շրջանի յայտնի գրագէտ ու պրպտող Հրանդ Ասատուրի։ Առաջին ակնարկով իսկ կրնանք մտածել որ որոշ նմանութիւն մը կայ այս տարեցոյցերուն ու Թէոդիկի Տարեցոյցերուն միջեւ։ Բայց Թէոդիկ իր տարեգիրքերը հրատարակել պիտի սկսի 1907-ին, այսինքն Հիւանդանոցի վերոյիշեալ ընդարձակ Տարեցոյցի նոր հրատարարկութենէն 7 տարի վերջ։ Բայց նմանութիւնը հոն է որ երկուքն ալ իրենց շրջանի պատմութեան ու ժողովրդական ապրումներուն մասին կուտան ծայր աստիճան հետաքրքրական, ժողովրդական ու կարեւոր վկայութիւններ։ Իսկ եթէ անպայման տարբերութիւն պիտի փնտռենք, կրնանք ըսել որ Թէոդիկ աւելի շատ տեղ տուած է գրականութեան, մինչ Հիւանդանոցի Տարեցոյցերը, առաւելաբար զբաղած են ազգային, եկեղեցական ու առողջական հարցերով, նաեւ օրացոյցերով, եւ նշանաւոր հայերու կենսագրութիւններով։ 1900-էն մինչեւ 1910, 11 հատորները այս տեսակէտէ լեցուն են շատ թանկագին տեղեկութիւններով, որոնք ամէն տեսակէտէ կրնան օգնական դառնալ բոլոր անոնց որոնք կþուզեն նայիլ դէպի անցեալ ու պէտք ունին վստահելի աղբիւրներու։
Ոսկեզօծ տառերով ու փառաւոր կազմով այս հատորները ներկայիս ոսկիի համարժէք արժէք ունին մեզի համար եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ոչ միայն Արսէն Եարմանը, այլ նաեւ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան բոլոր անդամները, գլխաւորութեամբ Պետրոս Շիրինօղլուի, որոնք գնահատած են վերատպութեան աշխատանքին արժէքը ու ընթացք տուած են այս հաւանաբար շատ բազմածախս ձեռնարկին։ 11, առաւել երկու, 13 հատորները իրենց մասնաւոր տուփով անջատ գրադարան մը կը կազմեն եւ մեզի կը ներշնչեն այն յոյսը, թէ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը պիտի շարունակէ իրականացնել հին միւս օրացոյցերուն կամ տարեգիրքերուն եւս վերատպութիւնը, քանի որ գիտենք թէ Հիւանդանոցը 50-ական եւ 60-ական թուականներուն ալ հրատարակած է շատ արժէքաւոր Տարեգիրքեր, որոնց մէջ կը բաբախէր այդ շրջաններու գրական ու մշակութային կեանքի սիրտը։

Ռ. Հ.