Երէկ Պելկրատի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 26-րդ հանդիպումը:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանը, որ հանդէս եկաւ ելոյթով՝ ուր նշեց թէ անցած կիսամեակի ընթացքին ՍԾՏՀ-ի Սերպիայի նախագահութեամբ ընկերային-տնտեսական համագործակցութեան բնագաւառներէն ներս յառաջըն-թաց արձանագրուած է եւ այս գործին մէջ Հայաստան ունեցած է գործնական դերակատարութիւն: Հանդիպման աւարտին ՍԾՏՀ-ի նախագահութիւնը Սերպիայէն փոխանցուած է Թուրքիոյ, որ պիտի պաշտօնավարէ 2012 թուականի երկրորդ կիսուն::
Պատուիրակութիւններու ղեկավարները մասնակցած են նոյն օր կայացած Սերպիայի նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան: