Երէկ  առաւօտուն  ներթափանցումի  փորձ  կատարուեցաւ  Արցախի   ուղղութեամբ

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ յայտնեց, որ 5-6 Յունիսի լուսցող գիշերը, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային հատուածին մէջ (Հորատիզի ուղղութեամբ) հակառակորդի հետախուզական խումբի մը կողմէ ձեռնարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակի մարտական դիրքերէն մէկը ներթափանցելու հերթական փորձ:

Ղարաբաղեան ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումները, ժամանակին նկատելով դարանակալ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը, դիմած են պաշտպանական մարտի եւ վերջինս շպրտած են իր ելման դիրքերը: Ծաւալած փոխադարձ հրացանաձգութեան իբրեւ արդիւնք հակառակորդը ստացած է նշանակալի կորուստներ:
Պաշտպանական մարտերու ընթացքին կորուստներ ունեցած է նաեւ հայկական կողմը: Ատրպէյճանական հետախուզական խումբի վնասազերծման գործողութեան ժամանակ զոհուած է կրտսեր տասնապետ Վարդան Օհանեան, վիրաւորուած են շարքային զինուորներ Արայիկ Մաւրէեան եւ Վոլոտիա Ծատրեան:
Հարկ է նշել, որ միայն Յունիս ամսուան ընթացքին ասիկա ատրպէյճանական բանակին կողմէ հայ-ատրպէյճանական եւ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանահատուածներուն մէջ իրականացուած 4-րդ հետախուզական գործողութեան փորձն է, որ հիմք  կու տայ ենթադրելու, որ պաշտօնական Պաքուն ոչ միայն հակուած չէ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին հաղորդել կառուցողական բնոյթ եւ նպաստել միջազգային կառոյցներուն կողմէ գործադրուող ջանքերու արդիւնաւէտութեան բարձրացման, այլեւ ամէն ինչ կ՛ընէ՝ շրջանին մէջ հաստատուած սթաթիւս քոն փոխելու համար:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը եւ անոր զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը այդպէս ալ չեն գիտակցիր, որ իրենց ընտրած նախայարձակումի մարտավարութիւնը ոչ միայն արդիւնաւէտ չէ, այլեւ զայն շարունակելու պարագային անիկա կրնայ յանգեցնել Ատրպէյճանի համար անկանխատեսելի հետեւանքներու: