Ատրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները անհանգստացած են ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլարի Քլինթընի դէմ Պաքու իր այցելութեան ընթացքին իսլամական խմբաւորումներու կողմէ մահափորձ կազմակերպելու մասին տեղեկութիւններէ:


Ռուսական novostink.ru լրատուական կայքէջը վկայակոչելով ատրպէյճանական pat.az-ը կը յայտնէ թէ Պաքուի մէջ ապահովական խիստ աննախադէպ միջոցներ ձեռք առնուած են, Քլինթընի այցելութեան կապակցութեամբ: Ամբողջութեամբ փակուած է օդանաւակայանէն քաղաք տանող մայրուղին, ինչպէս եւ որոշ կեդրոնական փողոցներ: Նախարարուհիի անձնական թիկնազօրը եւս ծայր աստիճան նախապատրաստուած է:


Քլինթըն Պաքուի Մէջ Կը Յայտարարէ.
«Հայ-Ատրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ
Իրավիճակի Սրումը Պէտք Է Դադրեցնել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ ցաւ յայտնելէ ետք յայտարարած է. «Ատիկա կրնայ պատճառ դառնալ անկանխատեսելի հետեւանքներու, ինչ որ պէտք է դադրեցուի: Մենք պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանինք եւ հետեւինք, որ զինադադարի մասին համաձայնագիրը պահպանուի»: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ յոյս ունին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմ չի սկսիր:
«Այս բռնարարքները պէտք է դադրին: Ատրպէյճանի նախագահին հետ իմ հանդիպումիս ընթացքին ես ըսի, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են իրենց կարելին ընելու տագնապի լուծման համար», ըսած է Քլինթըն:
Ան յայտնած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ նոր մօտեցումներ պիտի ըլլան, եւ այդ հարցը պիտի քննարկուի երկու շաբաթ ետք, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խըմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին: