Տինքի ընտանիքի փաստաբանները բողոքած են Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավճիռին դէմ: Բողոքի դիմումին մէջ կը նշուի, որ բոլոր կասկածեալներուն հանդէպ դատավըճիռները կը հակասեն օրէնսդրութեան, եւ անոնք պէտք է դատապարտուին որպէս «ահաբեկչական խմբաւորման» անդամներ:


Ինչպէս կը տեղեկացնէ CNNturk-ը, Կոստանդնուպոլսոյ 14-րդ դատարան ներկայացած 49-էջնոց բողոքարկման դիմումը ստորագրած են Տինքի երեք փաստաբանները, անոնց միջեւ՝ Ֆեթհիյէ Չեթինը: Անոնք ներկայացուցած են 5 տարի տեւած դատավարութեան ընթացքի վերաբերեալ իրենց դիտարկումները եւ պնդած են, որ սպանութեան ետին խմբաւորում մը կանգնած է, որը պէտք է բացայայտուի:
Անոնք պահանջած են, որ կասկածեալները դատապարտուին որպէս «խմբաւորման» անդամներ եւ յիշուի, որ դատախազ Հիքմեթ Ուսթան նոյնպէս բողոքարկման դիմում ներկայացուցած էր՝ դարձեալ նշելով, որ «սպանութեան ետեւը խմբաւորում կայ»: Տինքի ընտանիքի փաստաբանները պահանջած են փոխել 19 ամբաստանեալներու դէմ կայացած դատավճիռները եւ Եասին Հայալին դատապարտուի «ահաբեկչական խըմբաւորման ղեկավար ըլլալու», Էրհան Թունջելին` «ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար ըլլալու եւ մարդասպանութեան դրդելու» մեղադրանքներով:


«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»ԻՆ ԿՈՂՄԷ
ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
ՌԱՔԷԼ ՏԻՆՔ Կ'ԸՍԷ

«ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՇՇՆՋՈՒՈՂ ԱՄԷՆ ԻՆՉ՝ ՕՐ ՄԸ ՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱԳՈՉՈՒԻ»

Էլազիղի Քովանճըլար գիւղին կապուած Էքինէօզիւ (Հաւաւ) գիւղին մէջ, «Հրանդ Տինք» Հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ վերանորոգուած աղբիւրներու բացման առթիւ՝ յատուկ խրախճանք մը կազմակերպուած է:
Նշենք անմիջապէս, որ այս գիւղը Տինքի փաստաբանուհի Ֆէթհիյէ Չէթինի մեծ մօր ծննդավայրն է՝ անոր, որու՝ տասնամեակներով գաղտնի պահուած հայկական ինքնութիւնը բացայայտուեցաւ իր թոռան կողմէ եւ դարձաւ այս վերջնոյն գրի առած «Մեծ մայրիկս» ծանօթ հատորին հերոսը: Ժամանած բազմաթիւ հիւրերը, որոնց մէջ կային մեծ թիւով Հայեր, դիմաւորուած են գիւղին մուտքին: Այցելուներու մէջ էին «Հրանդ Տինք Հիմնադրամ»ի նախագահուհի Ռաքէլ Տինք, փաստաբանուհի Ֆէթհիյէ Չէթին:
Քովանճըլարի քաղաքապետը՝ Պ. Եանըլմազ, իր ելոյթին մէջ, շեշտը դնելով եղբայրութեան վրայ, իր ուրախութիւնը յայտնած է այս առթիւ՝ ըսելով, որ զիրար վերագտնելով, այսօր վերջ կը գտնէ կարօտը:Իսկ Ֆէթհիյէ Չէթին իր ելոյթին մէջ նշած է, որ “ջուրը՝ իր ետին կանգնած մշակոյթին հայելին է: Այսօր հայկական ճարտարապետութեան իւրայատուկ՝ բազմակն աղբիւրներու բնատիպ մէկ նմոյշին բացումը կը կատարենք: Այս աղբիւրները՝ իրենց ետին գտնուող մշակոյթին մեծութեան եւ վաղեմիութեան մասին գաղափար մը կու տան մեզի”: Չէթին ըսած է նաեւ, թէ եթէ ձեռնամուխ չըլլային այս գործին, Հաւաւի աղբիւրներն ալ, ինչպէս անհամար պատմական այլ հարստութիւններ, բոլորովին պիտի անհետանային մէկ-երկու մը տարիէն: Վերջին խօսք առնողը եղած է Ռաքէլ Տինք, որ ըսած է, թէ Հրանդ Տինքի բոցավառած առերեսման ջահը բարձրացուցած՝ եկած են հոս: Ան ըսած է. “Այսօր այդ ջահի բոցավառման շարունակութիւնը կ’ապրինք: Այսօր այս աղբիւրին ջուրերուն առջեւ իրարու քով եկանք: Եկանք շատ խոր զգացումներով: Պիտի չկարենամ ընել առանց կրկնելու Աստծոյ խօսքերէն մէկը՝ “Ականջներու մէջ շշնջուող ամէն ինչ, օր մը տանիքներու վրայ պիտի բարձրագոչուի: …Այսօր այդ շշունջները, աղբիւրին տանիքին վրայ բարձրագոչելու եկանք”:
Ելոյթներու աւարտին սկսած է խրախճանքը երգով-պարով: Իր մասնակցութիւնը բերած է «Քարտէշ թիւրքիւլէր» երաժշտական ծանօթ խումբը:
Աղբիւրները նորոգուած են 2011ի Օգոստոսէն Նոյեմբեր՝ մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր տեղերէն եկած թուրք, քիւրտ, հայ երիտասարդներու եւ Ֆրանսայի «Երկիր եւ Մշակոյթ» Կազմակերպութեան։