Բրիտանական հեղինակաւոր Guardian թերթը, անդրադարձած է Պաքուի մէջ այսօր տեղի ունեցող Եւրատեսիլ միջազգային երաժշտական մրցումին:

Հրատարակուած յօդուածին մէջ կը նշուի թէ «պարզ ատրպէյճանցի քաղաքացիները չեն զգար Եւրատեսիլի մրցոյթի փայլն ու հմայքը»։ Թերթերը կ'անդրադառնան Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուած կացութեան, փաստելով, որ ի տարբերութիւն նախորդ անգամներուն, այս տարի մրցոյթը հազիւ թէ վերածուի աւանդական համաեւրոպական տօնակատարութեան: Պատճառը, ըստ Guardian-ի մեկնաբան Հիու Ուիլիամսոնի, մէկ է՝ - «Մարդոց իրաւունքներու բնագաւառէն ներս ստեղծուած այն անմխիթար վիճակը, որ առկայ է Ատրպէյճանի մէջ»:
Արձանագրելով, որ Եւրատեսիլը առաջին հերթին ազատութիւններու վերահաստատման ուղղուած մեծ ձեռնարկ մըն է, բրիտանացի լրագրողը նկատել կուտա թէ «Պաքուի մէջ կազմակերպուող մրցումը այդ տրամաբանութեան մէջ կարելի չէ տեղաւորել»:
«Խօսքի ազատութեան վիճակը երկրէն ներս սարսափելի է. վեց լրագրողներ այժմ բանտ կը գտնուին մտացածին եւ անհեթեթ մեղադրանքներու հիման վրայ: Ճաղերու ետեւ են նաեւ մի քանի տասնեակ ընդդիմադիր ակտիվիստներ: Խաղաղ բողոքի ցոյցերը դաժանօրէն կը ճնշուին»: Guardian-ի թղթակիցը կը նկատէ, որ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը՝ EBU-ն, կարծես թէ բոլորովին անտեղեակ է այս բոլորէն:
Յունական մամուլը եւս անդրադարձներ կը կատարէ Եւրատեսիլի կազմակերպման: «Թա Նէա» եւ «Թօ Վիմա» թերթերը քննադատական յօդուածներ հրատարակած են Պաքուի կեդրոնին մէջ կառուցուած «Քրիսթալ Փալաս» համերգասրահին մասին: