Երեքշաբթի օրուայ մեր թիւով գրած էինք, թէ Ղալաթիոյ Յունաց վարժարանը ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց պատկանող գրաւեալ կալուածներէն վերադարձուող առաջինը եղած էր: Նոյն նպատակով դատական գործընթացներու դիմած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը:

Նշենք, թէ պետութեան որոշումով Ղալաթիոյ Յունական վարժարանի շէնքը՝ իր յարակից խանութներով, պաշտօնապէս վերադարձուած է յոյն համայնքին՝ իրականացնելով անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնելու նոր որոշումին առաջին քայլերէն մէկը։ (Յունաց վարժարանը հիմնուած էր 1853ին: Շէնքն ու չորս խանութները պիտի գործածուին իբրեւ մշակութային կեդրոն, իսկ վերնայարկը, որ նախապէս նախակրթարան էր, պիտի վերածուի մանկական թանգարանի մը։ Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ ծագումով յոյն է, յիշեցուցած է, որ ուրիշ կալուածներ եւս պիտի վերադարձուին. անոնց շարքին՝ Մարտինի ասորի կաթոլիկներուն պատկանող չորս կալուածներ):

Պոլսոյ մեր պաշտօնակիցը՝ «Մարմարա», կը գրէ, թէ այս օրերուն թուրք մամուլը յաճախակի կերպով կը խօսի նաեւ Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ Էրզրումի Սանասարեան խանին (աշխատատեղիներու շէնք) առընչութեամբ Վաքըֆներու (Հիմնարկներու) Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ բացուած դատի մը մասին: Թերթը կը նշէ սակայն, թէ շփոթութիւններ ու անորոշ կէտեր կան: «Մամուլը կը գրէ որ Հայոց Պատրիարքարանը դատ բացած է որպէսզի ետ առնուի էրզրումի Սանասարեան խանը, ուր Աթաթիւրքի կողմէ կայացած էր համագումար մը: Մինչդեռ որքան որ գիտենք, Պատրիարքարանը դատ բացած է Պոլսոյ Սանասարեան խանը ետ պահանջելու ուղղութեամբ» կը գրէ «Մարմարա» ու կը շարունակէ.
«Թարաֆ»ի աշխատակից Թուղպա Թէքէրէքի ստորագրութեամբ հրատարակուած է թղթակցութիւն մը ուր բացատրութիւններ պահանջուած են Պատրիարքարանի փաստաբան Ալի էլպէյօղլու անուն անձէ մը: Էլպէյօղլու կը յիշեցնէ որ ռուսահայ Մկրտիչ Սանասարեան անուն բարերար մը դպրոցին ծախսերն ու աշակերտներուն կարիքները հոգալու նպատակով հիմնած էր «Սանասարեան վաքըֆ» մը, որ դրուած էր  Պատրիարքարանի ղեկավարութեան ներքեւ: Պետութիւնը 1936ին ձեռք դրաւ այս վաքըֆին վրայ: Երկու պատճառաբանութիւններ կային: Նախ՝ այսօրուան պայմաններով  այդպիսի վաքըֆ մը այլեւս ընելիք գործ չունի էրզրումի մէջ: Երկրորդ՝ վաքըֆի մը վարչութիւնը կարելի չէ փոխանցել Պատրիարքարանին: Փաստաբան էլպէյօղլու առարկութիւն ունի այս երկու պատճառաբանութիւններուն դէմ ալ: Ան կը պնդէ որ վաքըֆը ընելիք գործ չ՛ունենար այն ատեն միայն երբ մէկ հատ իսկ աղքատ մանուկ չի մնար: Երկրորդ՝ որեւէ արգելք չկայ որպէսզի վաքըֆի մը ղեկավարութիւնը յանձնուի Պատրիարքարանին: Այս տեսակէտով փաստաբանը կը յայտնէ թէ Պատրիարքարանը դատ բացած է ու կը պահանջէ որ վերահաստատուի Սանասարեան վաքըֆը: Այն ատեն կարելի պիտի ըլլայ ետ առնել նաեւ Էրզրումի Սանասարեան խանը: Ըստ փաստաբանին, այս խանը, ուր Աթաթիւրք 1919ին համագումար սարքած է, պատմական կարեւորութիւն ունի, շէնքը հրդեհի նշաւակ դարձաւ 1924ին, վերանորոգուեցաւ, նոյնիսկ անոր մէջ բացուեցաւ Աթաթիւրքի թանգարան մը:
«Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը Մարտ ամսուան մէջ դատ բացաւ պահանջելով որ վերադարձուի Պոլսոյ Սանասարեան խանը, որ միջոց մը նշանաւոր դարձած էր որպէս Ապահովութեան Տնօրէնութիւն, որուն գետնայարկերուն մէջ տանջանք ու հալածանք կը գործադրուէր:
«Թարաֆ»ի հրատարակութիւնը միտքերու մէջ շփոթութիւններ կը ստեղծէ, ուստի լաւ կ՛ըլլայ, որ պատրիարքարանը յստակ լուսաբանութիւն ընէ այս մասին» կÿեզրափակէ «Մարմարա»: