«20րդ դարու սկիզբը Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործած է հայերու նկատմամբ» Պոլսոյ մէջ ըսած է Զուիցերիոյ նախարարը

Զուիցերիոյ Տնտեսութեան նախարար Եոհան Շնայտըր Ամման, որ վերջերս Պոլիս կ'այցելէր, յայտարարած է, թէ Զուիցերիա պատրաստ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով միջնորդական առաքելութիւնը վերսկսելու:

Նախարարը ըսած է, թէ Թուրքիոյ անցեալը  արգելք կը հանդիսանայ իրենց ջանքերուն եւ աւելցուցած՝ 20րդ դարու սկիզբը Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործած է հայերու նկատմամբ: Կը կարծեմ, որ Անգարա պէտք է շարունակէ աշխատանք տանիլ այս հարցին շուրջ»:
Վերադարձին, զուիցերացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք Պոլսոյ մէջ բացայայտ կերպով «ցեղասպանութիւն» բառին գործածութիւնը չէ՞ զայրացուցած իր թուրք գործընկերները՝ նախարարը պատասխանած է. «Չեմ կարծեր, որ հոս զայրոյթի հարց ըլլայ: Քաղաքական այս խնդիրները կը խանգարեն մեր գործարարներն ալ: Ուրեմն՝ Թուրքիա պէտք է լուծէ զանոնք»:
Յիշեցնենք, որ 2009ի Հոկտեմբեր 10ին, Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան Հայաստան-Թուրքիա զոյգ արձանագրութիւնները, որոնք կը մնան առկախ վիճակի մէջ: