Թուրքիոյ պետական գանձը 23 տարի առաջ գրաւած էր Ղալաթիոյ՝ աւելի քան 130ամեայ յունական վարժարանի շէնքն ու անոր եկամուտի աղբիւր՝ 7 խանութները:

Վաքըֆներու խորհուրդի անդամ Լաքի Վինկաս (ձախին) յայտարարած է, թէ իրենց կարգին կը սպասեն Մարտինի ասորի կաթոլիկ համայնքին պատկանող չորս սեփականութիւն: Վինկաս աւելցուցած է, թէ 25 վաքըֆներ շուրջ 75 սեփականութեան վերադարձի պահանջով դիմումներ կատարած են: Ան հաւաստիացուցած է, որ եթէ դիմումը յարիր է օրէնսդրութեան, անկասկած գոհացում պիտի ստանայ:

Այսօր, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններէն գրաւուած կալուածները վերադարձնելու ուղղութեամբ միջազգային հաստատութիւններու կողմէ Անգարայի վրայ գործադրուող ճնշումը, ըստ երեւոյթին, սկսած է արդիւնաբեր դառնալ: Այսպէսով, ոչ-մահմետական փոքրամասնութեան մը պատկանող գրաւեալ կալուածի մը առաջին սեփականաթուղթն է, որ կը վերադարձուի իր հարազատ տիրոջ:
Դպրոցին վաքըֆին (հիմնարկին) պատասխանատուն՝ Քոմորոսանօ, փաստաթուղթը ստանալէ ետք՝ յայտնած է, թէ այսօր այդ վարժարանը այլեւս աշակերտ չունենալով՝ ան պիտի վերածուի մշակոյթի կեդրոնի:


ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՄՈՒՄ,
ԱՌԱՋԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Թրքական օրէնսդրութեան թիւ 5737 օրէնքին առժամեայ 11րդ յօդուածին ընդունուելէն եւ ոչ-մահմետական փոքրամասնութեանց սեփականութիւնները վերադարձնելու մասին վարչապետ Էրտողանի յայտարարութենէն ետք՝ 2011ին Քոմորոսանօ առաջին դիմողը եղած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան:
Հիմա կարգի կը սպասեն 25 այլ հիմնարկներ, որոնք նման դիմումներ կատարած են:
Թուրքիա 1936ին ոչ-մահմետական բնակչութենէն պահանջած էր յայտարարել իրենց սեփականութիւնները: Սակայն, Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանը 1972ին որդեգրած էր՝ 1936ին չյայտարարուած կամ վաքըֆներու կողմէ այդ թուականէն ետք ձեռք բերուած բոլոր կալուածները Պետական գանձին փոխանցելու մասին որոշում մը: