Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան մասնակցած է Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան շուրջ կայացած քննարկման եւ ներկայացուցած հայ համայնքի տեսակէտը:

Նախքան Սահմանադրական բարեփոխումներու ենթայանձնաժողովին առջեւ ներկայացումը, փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու միջեւ հանդիպում կայացաւ Ֆանարի մէջ, տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս սրբազանի եւ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ

«Մենք կ՛ուզենք, որ Մայր օրէնքը մօր պէս ջերմ, գրկող, հոգատար, խղճով եւ զաւակներու միջեւ           խտրականութիւն չդնող ըլլայ», ըսած է ան:Նոր սահմանադրութեան հարցերով ենթայանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած քննարկումէն ետք Աթեշեան զրուցած է նաեւ լրագրողներու հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է  քննարկման համար եւ յոյս յայտնած է, որ հայ համայնքի ներկայացուցած առաջարկները ընդունուին: