Մարտ 6-ին, Պաքուի մէջ կայացած ատրպէյճանա-վրացական հանդիպման աւարտին՝ փաստաթուղթերու ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի ունեցաւ:

Անկէ ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին լրագրողներու առջեւ հանդէս եկան յայտարարութեամբ մը, ինչպէս կը հաղորդէ «Թերթ.am», վկայակոչելով 1news.az գործակալութիւնը:
Ալիեւ նշած է թէ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ առկայ է համագործակցութեան շատ բարձր մակարդակ: «Մեր բանակցութիւնները ցոյց կուտան, որ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են: Այս այցը խթան պիտի հանդիսանայ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար: Մեր պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները հարուստ պատմական անցեալ ունին, որը կը շարունակուի նաեւ այսօր», - ըսած է Ալիեւը:
Ատրպէյճանի նախագահը նշած է երկու երկիրներու կարեւորութիւնը՝ Եւրոպայի ուժանիւթի անկախութեան ապահովման հարցին մէջ, աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը իր ներդրումը կը կատարէ Վրաստանի էներգետիկ անկախութեան գործին մէջ:
Ալիեւը յայտարարած է, որ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են փոխադրութեան, մարդասիրական եւ այլ բնագաւառներու  հետ կապուած հարցեր: