Տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս Թուրքիոյ խորհրդարան կÿուզէ ներկայանալ
Տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս սրբազանը, խօսելով «Միլլիյէթ» օրաթերթին, յայտնած է թէ հրաւէր ստացած է մասնակցելու Փետրուարի սկիզբը կայանալիք Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս սահմանադրութեան յօդուածներու քննարկման, որ կը վերաբերին փոքրամասնութիւններու
կալուածային կարգավիճակի եւ իրաւունքներու հարցերուն: Տիեզերական պատրիարքը իր փափաքը ար- տայայտած է ներկայ գտնուելու քննարկումներուն եւ անձամբ իր խօսքը ուղղելու թուրք պարտագաւորներուն: «Ուրախ պիտի ըլլամ, անձնապէս մեր կարծիքը արտայայտելու երկրի սահմանադրութեան կապակցութեամբ» ըսած է ան:
Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգերը ճշդող պատասխանատու յանձնախումբին հա- մաձայն, խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի, փոքրամասնութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ուր պիտի նախապատրաստուի օրակարգի յղման առաջարկը: Այս համագումարին հրաւիրուած են մասնակցելու քրիստոնեայ եւ հրեայ համայնքները: