Անցնող շաբաթավերջին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անսպասելի այցելութիւն մը տուած է Թեհրան:


Ան  բանակցութիւններ ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ եւ քննարկած երկկողմ ու տարածաշրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ իրանական միջուկային խնդիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Նշենք, որ թուրք-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացած էր, որովհետեւ Թուրքիան համաձայնութիւն տուած է համաեւրոպական հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերու տեղակայման համար: Արեւմուտքը կը պնդէ, որ տուեալ համակարգը  ուղղուած է Իրանէն պաշտպանուելու հարցին մէջ: (5րդ էջին վրայ կարդալ «Դիտանկիւն» սիւնակը)