Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Մեսուտ Եըլմազ
թիւրիմացութեան արդիւնք կը համարէ իրեն վերագրուած խօսքերը
Յունական պաշտօնական բողոք՝ Քոմիսիոնի նիստին
Հելլէն հրշէջ սպասարկութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վկայութիւնները հրապարակուեցան երէկ, յունական եւ օտար մամուլին մէջ լոյս տեսած հրապարակումներէն ետք,
որ կ'անդրադառնային Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Մեսուտ Եըլմազի խոստովանութեան՝ թէ 1995-1998 երեք տարուայ ժամանակաշրջանին ընթացքին, թուրք գաղտնի գործակալներ պետական ֆինանսաւորման միջոցներ օգտագործելով՝ հրդեհներ յառաջացուցին Մակեդոնիոյ անտառներէն եւ Եգէական ծովու Արեւելեան եւ Հիւսիս-արեւելեան կղզիներէն ներս, յատկապէս Խիոսի եւ Սամոսի մէջ։
Թուրքիոյ նախկին վարչապետի անբարտաւան ու կոպիտ խոստովանութիւնը թրքական Պիրկին թերթի հարցազրոյցին ընթացքին, թրքական բերնէ հնչած առաջին պաշտօնական հրապարակումն էր, որ Անգարայի կողմէ կիրարկուած ծանօթ «քաղաքականութեան» կը վերաբերէր։
Հելլէն քաղաքական կուսակցութիւնները զայրոյթով արձագանգած են Եըլմազի յայտնութիւններուն՝ բացատրութիւններ պահանջելով պաշտօնական Թուրքիայէն: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ղր. Տելավեքուրաս Անգարայի պաշտօնական դիրքորոշումը պահանջեց, մինչ կառավարական եւ դիւանագիտական աղբիւրներ դիտել կուտան թէ Եըլմազի յայտնութիւնները «ստորին պատերազմ մըն է իր եւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Թանսու Չիլէրի միջեւ»։
«Թա Նէա» թերթին համաձայն, Յունաստանի պետութիւնը այդ օրէն ի վեր ծանօթ էր եղելութեան մասին, բազմաթիւ ամբաստանութիւններէ եւ բողոքներէ վերջ որ ստացուած էին յոյն քաղաքացիներու կողմէ։ Հրդեհները սաստակացած էին 1993-1997 ժամանակաշրջանին ընթացքին, յատկապէս Փենտելիի, Սէյխ-Սուի եւ Իքարիայի մէջ։ Պետական շրջանակները օրին կիսաբերան հաղորդումներ կատարած էին՝ օտար գաղտնի սպասարկութիւններու դերակատարութեան մասին։
Յունաստանի բարձրագոյն դատախազութեան միջամտութեամբ, քննարկման պիտի բերուին տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ արձանագրուած դատական հարցերը, եւ Եըլմազի բացայայտումներու լոյսին տակ, նոր քննարկումներու պիտի ենթարկուին։
«Թիւրիմացութեան արդիւնք էր» կ'ըսէ Եըլմազ
Յայտնելով թէ ...Թուրքիոյ մէջ իրագործուած հրդեհներու մասին էին իր խօսքերը, Մեսուտ Եըլմազ երէկ գիշեր գրաւոր հաղորդագրութիւն մը տարածեց թրքական մամուլին, փորձելով ետ առնել իր խոստովանութիւնը եւ դիտել տալով, թէ թիւրիմացութեան արդիւնք էր ստեղծուած իրարանցումը։ Ան ըսաւ թէ ինք խօսած է «յոյն գաղտնի սպասարկութիւններու կողմէ Թուրքիոյ մէջ հրկիզումներու մասին»։
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական բողոք ներկայացուց Աթէնքի մէջ թրքական դեսպանութեան, անմիջական յստակացում պահանջելով։ Յոյն եւրոերեսփոխան Նիքոս Խունտիս նոյն հարցը յարուցեց Պրիւքսելի մէջ, Քոմիսիոնի նիստին ընթացքին, հարց տալով թէ ինչպէ՞ս կարելի է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու համարել երկիր մը որ ոճրագործի վարուելակերպ կը ցուցաբերէ։