Judgment at Istanbul

Ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է այս հրատարակութիւնը

Ցեղասպանագէտներ Վահագն Տատրեան եւ Թաներ Աքչամ լոյս ընծայած են իրենց հասարակաց առաջին հատորը (անգլերէն լեզուով): Ան կը կոչուի «Դատաստան Պոլսոյ մէջ» եւ հրատարակուած է Նիւ Եորքի եւ Օքսֆորտի «Պերկան Պուքս» հրատարակչութեան կողմէ:

Հատորին նիւթն է, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, 1919ին, օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, հայ բնակչութեան բնաջնջնման հեղինակներու դատավարութիւնները, յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ:
Փրոֆ. Տատրեան կ'ըսէ, թէ այս մէկը կարեւորագոյն աշխատութիւն է երկու պատճառով: Նախ, որովհետեւ ան հիմնուած է թրքական փաստաթուղթերու վրայ, զօրս օսմանեան իշխանութիւնները հարկադրուած են հրպարակել այդ դատավարութիւններուն առիթով: Եւ երկրորդ՝ որովհետեւ ի տարբերութիւն Ցեղասպանութեան նուիրուած շատ մը այլ հրատարակութիւններու, որոնք պատմութեան մեկնաբանութիւններէ կը բաղկանան, այս մէկը հիմնուած է օսմանցի պետական ղեկարներու կողմէ երդման տակ տրուած վկայութիւններու վրայ, որոնք ցոյց կուտան հայոց դէմ գործուած ոճիրին ծաւալը:
Աւելի քան 50 տարիներու հետազօտութիւններէ ետք, Տատրեան յայտնաբերած է նաեւ օր օսմանեան կառավարութեան պաշտօնաթերթը՝ «Թաքվիմ-ի Վէքայի»ն զինուորական այդ դատարաններու մասին լրատուութեան մեծագոյն աղբիւրը չէր, այլ կար նաեւ ֆրանսագիր հայերէն թերթ մը՝ «Ռընեսանս», որ լոյս կը տեսնէր Պոլիս, որու էջերը հարուստ են խնդրոյ առարկայ դատավարութիւններուն մանրամասնութիւններով: