Թուրքիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը Կիրակի, Դեկտեմբեր 18ին Փարիզ մեկնեցաւ ընկերակցութեամբ գործարարներու խումբի մը
Թուրք ցուցարարներ լոզունգներ կը բացագանչեն Անգարայի մէջ Ֆրանսական դեսպանութեան շէնքին առջեւ բողոքելով: Նոյնպէս, Պոլսոյ մէջ, ազգայնամոլ թուրքերու «Թալէաթ փաշայի կոմիտէ» խմբակի անդամներ, օրինագիծին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարած են Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ՝ յայտարարելով, թէ անոնք նախատեսած են բողոքի մեծ ցոյցեր նաեւ Փարիզի մէջ, ֆրանսական խորհրդարանի շէնքին առջեւ:
Ինչպէս ծանօթ է Ֆրանսայի խորհրդարանը կը պատրաստուի քննելու ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու եւ ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնելու մասին նոր օրինագիծը։
Անգարա սպառնաց Ֆրանսայի մօտ իր դեսպանը Փարիզէն տուն կանչել, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացնէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն ձախողութիւնը ապահովելու նպատակով, Թուրքիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը Կիրակի, Դեկտեմբեր 18ին Փարիզ մեկնեցաւ, ընկերակցութեամբ գործարարներու խումբի մը:
Օրինագիծին անդրադարձած է նաեւ ԵԽԽՎ նախագահ Մովլուտ Չաւուշօղլու: «Եթէ այդ օրէնքը ընդունուի՝ Սարքոզի անձնական պատասխանատւութիւն պիտի կրէ ինչպէս պատմութեան առջեւ, այնպէս ալ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման համար: Հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ Սարքոզի, այդ օրինագիծը քննարկման դնելով, մտածած է ո՛չ թէ Ֆրանսայի շահերուն, այլեւ իր կուսակցութեան նեղ շահերուն մասին»,- ըսած է Չաւուշօղլու:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պեռնար Վալերօ յայտարարած է, թէ օրինագիծը խորհրդարանական նախաձեռնութիւն է, որ կը տեղաւորուի ցեղապաշտական յայտարարութիւններու համար սահմանուած պատիժի ծիրին մէջ։ Վալերօ նշած է, թէ Անգարա Ֆրանսայի կարեւոր գործընկերն ու դաշնակիցն է։