Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» (Ժ.Ժ.Կ.-HDP) 11 պատգամաւորներ, անոնց շարքին կուսակցութեան համանախագահները՝ Սելահատտին Դեմիրթաշ եւ Ֆիգեն Եուքսեքդաղ:
Թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ՝ Ժ.Ժ.Կ.էն 15 պատգամաւոր ձերբակալելու որոշում է եղած, որոնցմէ այս պահուն ձերբակալուած են 11ը՝ Նուրսել Այդողան, Զիա Փիր, Լէյլա Բիրլիք, Ֆերահ Էօնճիւ, Սելմա Ըրմաք, Գիւլսեր Եըլդըրըմ, Մեհմեթ Ալի Ասլան, Սըրրը Սիւրայա Օնդեր, Իդրիս Բալուքեն եւ կուսակցութեան 2 համանախագահները:
Միւս 4 պատգամաւորներէն 2ը կը գտնուին արտասահման, իսկ միւս երկուքի ձերբակալման համար աշխատանքներ կը տարուին: Կայքը կը նշէ, որ ընդդիմադիր պատգամաւորները ձերբակալուած են, քանի որ անոնք հրաժարած են ցուցմունք տալէ՝ խորհրդարանական անձեռնմխելիութեան վերցուելէն յետոյ իրենց նկատմամբ սկսած իրաւական գործընթացի շրջանակներուն մէջ:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կը նշուի, որ Ժ.Ժ.Կ.ի պատգամաւորները ձերբակալուած են Դիարբեքիրի, Շըրնաքի, Հաքքարիի, Վանի, Բնգեոլի դատախազութեանց կարգադրութեամբ: