«Սարքոզի իր կարծիքը փոխեց՝ Երեւան այցելութենէն ետք»

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կողմնակից է, որ վաւերացուի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը։ Այս մասին կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։


Ըստ թրքական թերթերու՝ փակ դռներու ետին Սարքոզի յայտնած է այն կարծիքը, թէ օրինագիծը կրնայ վաւերացուիլ։ Ան անցեալին ընդդիմացած էր նման բանաձեւի մը վաւերացման՝ Ծերակոյտին կողմէ, հակառակ այն իրողութեան, որ կարելի եղած էր անոր վաւերացումը ապահովել խորհրդարանին մէջ: Աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Ֆրանսայի նախագահը այս անգամ պիտի չհակառակի։
Անոնք կը յիշեցնեն, թէ Սարքոզի այս խնդիրին մասին իր կարծիքը փոխեց Երեւան այցելութեան օրերուն, երբ Երեւանէն Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ըրաւ Թուրքիոյ՝ արժանանալով վարչապետ Էրտողանի քննադատութեան:
Սարքոզի յառաջիկայ տարի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու է եւ թըրքական քաղաքական շրջանակներ կը պնդեն, թէ ան այս քայլով կը փորձէ հայերուն քուէն «որսալ»։ Նախագահութեան այլ թեկնածու մը՝ ընկերվարական Ֆրանսուա Հոլանտ, խոստացած է օրինագիծը  ամպայման վաւերացնել, եթէ նախագահ ընտրուի։
Ինչպէս յայտնի է, տուեալ օրինագիծը Ֆրանսայի խորհրդարանին մօտ քուէարկութեան պիտի դրուի Դեկտեմբեր 19ին։