altՊՈԼԻՍ, «Ա­կօս».- ­Թուր­քիոյ քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան եւ ­Հան­րա­պե­տա­կան-ժո­ղովր­դա­յին ­Կու­սակ­ցու­թեան հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Սե­լի­նա ­Տո­ղան միա­ցած են ընդ­դի­մա­խօս «­Ճում­հու­րիէթ» թեր­թին խմբագ­րու­թեան դի­մաց տե­ղի ու­նե­ցող բո­ղո­քի ցոյ­ցին: ­Տո­ղան դա­

տա­պար­տած է «­Ճում­հու­րիէթ»ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ զա­նոնք ընդ­դի­մու­թիւ­նը լռու­թեան մատ­նե­լու իշ­խա­նու­թեանց հա­մա­տա­րած ար­շա­ւին մէկ մաս­նի­կը հա­մա­րե­լով։

Իր կար­գին՝ ­Կա­րօ ­Փայ­լան նշած է, որ 16 ա­միս ա­ռաջ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը, վերջ տա­լով քիւր­տե­րու հետ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին, շարք մը յան­ցանք­ներ գոր­ծած է եւ փոր­ձած է լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը ի­րեն մեղ­սա­կից դարձ­նել, որ­պէս­զի իր գոր­ծած յան­ցանք­նե­րը չբա­ցա­յայ­տո­ւին:
«­Ճում­հու­րիէթ»ը պա­լա­տի յան­ցանք­նե­րը ջու­րի ե­րես հա­նող հաս­տա­տու­թիւն է: ­Սեպ­տեմ­բեր 12ի յե­ղաշրջ­ման օ­րե­րուն ալ այդ­պէս էր: Այդ ըն­թաց­քին մեծ թի­ւով գրող եւ լրագ­րող ձեր­բա­կա­լո­ւած էին։ ­Նոյ­նը այ­սօր կը պա­տա­հի, եւ կար­գը պի­տի հաս­նի նաեւ լուռ մնա­ցող­նե­րուն: Ար­դէն լռե­լու ժա­մա­նա­կը չէ»,- յայ­տա­րա­րած է ­Փայ­լան: