«Սթամպուլում (Պոլիս) ձերբակալուած հայ գրող, հրապարակախօս Սեւան Նշանեանին է յանձնուել սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» յուշաշքանշանը»,- այս մասին՝ ըստ panorama.amի՝ այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է
Ա.Ժ. պատգամաւոր Արագած Ախոյեան:
Ան մանրամասնած է, որ Սեւան Նշանեանին յուշաշքանշանով պարգեւատրման որոշումը կայացած էր 2014 թուականին.- «Նշանեանը գտնւում է բանտում, իսկ ընտանիքի անդամներն էլ ապրում են Գանատայում: Յուշաշքանշանն անձամբ նրան յանձնել չյաջողուեց, յանձնեցինք փաստաբանին»:
Պատգամաւորը պատմած է, որ Նշանեանի ձերբակալուելէն ետք ստեղծուած էր «Սեւան Նշանեանի արդարութեան եւ ազատութեան» միջազգային յանձնախումբ, ուր բացի հայերէ կան նաեւ Թուրքիոյ ձախակողմեան եւ կեդրոնական հայեացքներու տէր մարդիկ. Յուշաշքանշանի յանձնումը տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 23ին Գալաթասարայի մշակոյթի տան մէջ, ուր ներկայ եղած են թրքական խորհրդարանի հայ պատգամաւորները: Թրքական մամուլը, ինչպէս նաեւ տեղի հայկական մամուլը բաւական մեծ անդրադարձ կատարած է այդ իրադարձութեան, ուր հնչած է նաեւ Սեւան Նշանեանի մօր տեսաուղերձը, ուր շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն»:
Ախոյեանի խօսքով` այս ձեւով փորձած են օգնել եւ զօրակցիլ Սեւան Նշանեանին:
Ա.Ժ. պատգամաւորը յիշեցուցած է, որ Սեւան Նշանեանը ձերբակալած էին իր սեփական այգիին մէջ տուն կառուցելու համար եւ որոշած են դատապարտել 17 տարուայ ազատազրկման։ «Նրան ձերբակալելը երեւի թէ ինչ որ մէկի պատուէրն է: Շատերն են նկատել, որ դա քաղաքական ենթատեքստ ունի, դրա մասին գրել են անգամ «Մարմարա»ն ու «Ժամանակ»ը»,- յայտնած է պատգամաւորը: