Էրտողան կ՚ազդարարէ քիւրտ զինեալներուն դէմ զինուորական մեծ գործողութեան մը մասին
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սեպտեմբեր 8ին յայտարարած է.- «Մենք հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ քիւրտ զինեալներուն դէմ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն զինուորական գործողութեան կը պատրաստուինք»:
Միւս կողմէ, թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը հաղորդած է, որ Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձան՝ 11.285 ուսուցիչ հեռացուած է աշխատանքէ: Հեռացուած ուսուցիչները կը մեղադրուին Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (Ք.Ա.Կ.) հետ համագործակցութեան յանցանքով:
Կրթութեան մարզին մէջ հետախուզական գործողութիւնները կը շարունակուին եւ, որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, աշխատանքէ հեռացուող ուսուցիչներուն թիւը կրնայ հասնիլ 14 հազարի:
Սեպտեմբեր 8ին հաղորդուած է նաեւ, որ թրքական իշխանութիւնները ձերբակալած են 16 գործարարներ, որոնք ենթադրաբար կապ կրնան ունենալ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ: