11 Յուլիսին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հրապարակած էին Պաքուի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխինի հետ հարցազրոյց մը, ուր ան կը յայտնէ, թէ Ատրպէյճանին ռուսական զէնքի առաքումները կը կատարուին ըստ կնքուած համաձայնագիրներու:
«Հաքքին.ազ» կայքը գրած էր, որ Տորոխին նաեւ յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ զէնքի մատակարարման նոր համաձայնագիրներ պիտի կնքուին:
«Փանարմինիըն» կայքի հարցումին պատասխանելով՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (Ա.Գ.Ն.) յայտարարած է, որ Պաքուին զէնքի հաւանական նոր մատակարարումները մեկնաբանելու «հիմքեր չի տեսներ»:
«Անհիմն կը նկատենք մեկնաբանելը Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Տորոխինի «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռին հետ ունեցած հարցազրոյցը, որուն մէջ ոչ մէկ բան կայ, որ Ռուսիոյ պաշտօնատարները ըսած են»,- կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանին մէջ: «Այս կապակցութեամբ ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք Ռուսիոյ ռազմաթեքնիքական գործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Ֆոմինի հարցազրոյցին վրայ»,- կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: