­altՅու­լի­սի 15ին ե­րե­կո­յեան սկիզբ ա­ռած զի­նո­ւո­րա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձին հե­տե­ւան­քով ­Պոլ­սոյ մէջ հա­յեր չեն տու­ժած: «Ար­մէնփ­րես»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է ­Պոլ­սոյ մէջ լոյս տես­նող «Ա­կօս» հայ­կա­կան թեր­թի հա­յե­րէն բա­ժի­նի խմբա­գիր ­Բագ­րատ Էս­տու­կեան: «­Հա­

մայն­քէն ոե­ւէ մէ­կը չէ տու­ժած: ­Տու­ժած­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ զի­նո­ւոր­ներ ու ոս­տի­կան­ներ են եւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­կիր քա­ղա­քա­ցի­ներ»,- նշած է Էս­տու­կեան:

Ըստ ա­նոր՝ 16 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Պոլ­սոյ մէջ ի­րա­վի­ճա­կը ար­դէն ո­րոշ չա­փով հան­դար­տած էր. «­Քա­ղա­քին կեան­քը ա­ւե­լի բնա­կա­նոն դար­ձաւ, բայց, ան­շուշտ, շատ ցնցող կա­ցու­թիւն եւ զար­գա­ցում­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան: 15 ­Յու­լի­սի կէս գի­շե­րէն մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը բազ­մա­թիւ ռմբա­կո­ծում­ներ ե­ղան, զի­նո­ւո­րա­կան կոր­ծա­նիչ ինք­նա­թիռ­նե­րը բազ­մա­թիւ թռիչք­ներ կը կա­տա­րէին, այդ պատ­ճա­ռով ալ ժո­ղո­վուր­դը խու­ճա­պի մատ­նո­ւե­ցաւ»,- պատ­մած է Էս­տու­կեան: Ան դի­տել տո­ւած է, որ յա­ջոր­դող օ­րը ­Պոլ­սոյ մէջ բազ­մա­թիւ խա­նութ­ներ չեն բա­ցած ի­րենց դռնե­րը, սա­կայն եր­թե­ւե­կը հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի բնա­կա­նոն դար­ձած է, հան­րա­կառ­քե­րը, նա­ւե­րը, մեթ­րոն սկսած են աշ­խա­տիլ:

Բ. Էս­տու­կեան յայտ­նած է նաեւ, որ ­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւս չեն տու­ժած: «­Պոլ­սոյ մէջ պայ­թում­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ բա­նա­կի զօ­րա­մա­սի կող­մե­րը տե­ղի ու­նե­ցան` ջրամ­բա­րին մօտ, բնա­կե­լի շրջան­նե­րուն մէջ չէին: Ան­գա­րա­յի մէջ եւս բա­խում­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ գլխա­ւոր ա­պա­հո­վա­կան կա­ռոյ­ցին եւ խորհր­դա­րա­նին մօտ էին»,- ը­սած է ան` ա­ւելց­նե­լով, որ խորհր­դա­րա­նին շէն­քը մե­ծա­պէս վնա­սո­ւած է: «Ան­շուշտ ընդ­հա­նուր լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը կ­՛ազ­դէ բո­լո­րին վրայ, նաեւ` հա­յե­րուն»,- եզ­րա­փա­կած է Էս­տու­կեան: